ԱՄՆ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ
Ուաշինկթըն կ՚ողջունէ Անգարայի դերը՝ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր նշեց, որ Թուրքիա արդիւնաւէտ դերակատարութիւն ունի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ։
«Այս նիւթը ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի բոլոր քննարկումներուն մաս կը կազմէ։ Մենք կ՚ողջունենք Թուրքիոյ արդիւնաւէտ դերը այս հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ։ Մենք համաձայն ենք Ֆիտանի այն խօսքերուն հետ, թէ խաղաղութիւնը հնարաւոր է։ ԱՄՆ կը սատարէ երկու կողմերու ուղիղ բանակցութիւններուն՝ խաղաղութեան հասնելու համար», նշեց բանբերը։
Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Հաքան Ֆիտան Ատրպէյճանի մէջ յայտարարած էր, որ յառաջիկայ շրջանը պէտք է դառնայ Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան սկիզբը։