ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ԵՒ ՀՐԱԺԵՇՏ…
Պատրիարքական Աթոռի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի աւանդութիւններով ամենաբարձր մակարդակի վրայ նախաձեռնութիւն մը. երախտիք եւ մեծարանք:
Համայնքային շրջանակները Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի ընթրիքով, համախումբ ձեւով ողջերթ մաղթեցին Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչին, որ աւարտած է Իսթանպուլի մէջ պաշտօնավարման ժամկէտը:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը դիպուկ արտայայտութիւններով արժեւորեց Սահակ Սարգսեանի հնգամեայ բազմակողմանի գործունէութեան դրական արդիւնքը:
Զանազան երկիրներու քաղաքիս աւագ հիւպատոսներն ու դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչները եւս փութացին ուրախակից ըլլալու իրենց հայ գործընկերոջ:
Մեր երաժշտական աշխարհի այնքան համակրելի աստղերէն Սիպիլ, Մելինա Սեճիքեան-Քույումճու, Լուսինէ Յովհաննիսեան, Պարթեւ եւ Արթիւր Պաղտասարեան կատարումներով պայմանաւորեցին երեկոյթի մթնոլորտը:
Նորին Ամենապատուութիւնը ձեռնարկի ընթացքին ընդգծեց մեծարեալի նախանձախնդրութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ նկատմամբ, նաեւ փոխանցեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին բիւր մաղթանքը՝ մինչ «Օրմանեան» շքանշանի յանձնումէն առաջ իր օրհնութեան գիրը հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի կողմէ: