ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 17-ՐԴ ՏԽՈՒՐ ՏԱՐԵԼԻՑԸ…

Եւ դարձեալ յունուարի 19։ Այսօր լրագրող-հրապարակագիր, «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի նահատակութեան 17-րդ տարելիցն է։ Այսօր դարձեալ իր սիրելիներն ու պատգամին, աւանդին հաւատարիմները ժամադրուած են այն կէտին վրայ, ուր ան թէ՛ ինկաւ եւ թէ անմահացաւ։ Այդ կէտը թէ՛ անէծքի մը վայրն է եւ թէ ուխտավայր մը։ Իր իսկ հիմնադրած թերթի նախկին խմբագրատան առջեւ այսօր նորովի կը թեւածէ իր հոգին։

Իր դէմ կատարուած մահափորձին, ոճրագործութեան վրայէն 17 տարի անցած է։ Վէրքը չէ սպիացած՝ մինչ իր «Յիշողութեան» վայրը դարձած շէնքը երէկ երեկոյեան վերստին լուսաւորուեցաւ Հրանդ Տինքի պայծառ դէմքով։ Վերջին տարիներուն ձեւաւորուած՝ աղաւնիի խորհրդանշանը այս տարի փոխարինուած էր ուղղակի ակնկալութեան մը բանաձեւումով։ Այդ բանաձեւումը պարզապէս մէկ բառով կը ցոլացնէր ամէն ինչը՝ արդարութիւն… Ոճրագործութեան բոլոր ծալքերուն բացայայտուած չըլլալը ո՛չ միայն պատճառ կը դառնայ վէրքի չսպիանալուն, այլեւ կ՚աւելցնէ արդարութեան պապակը։ Ուստի, 17 տարի անց, այսօր եթէ մէկ կողմէ Հրանդի նկատմամբ սիրոյ, իր յիշատակին նկատմամբ յարգանքի հասարակաց յայտարարին վրայ կը համախմբուին մարդիկ, ապա միւս կողմէ արդարութեան սպասումն ալ նոյն մղումին մաս կը կազմէ։

Հրանդ Տինքի նահատակութեան տարելիցին առթիւ նախատեսուած ոգեկոչման ծրագիրը այս տարի եւս հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ է։

Հերթական անգամ անսահման կարօտով խոնարհում իր անթառամ յիշատակին առջեւ։

Ուրբաթ, Յունուար 19, 2024