Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑՆԵՐ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, որ Տաւոսի մէջ կը մասնակցի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին, շարունակեց նաեւ իր երկկողմանի հանդիպումները։ Այսպէս, ան մէկտեղուեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալէնպերկի, Արժանթինի նախագահ Խաւիէր Միլէյի, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին պետական քարտուղար Ճոն Քերիի, Հիւսիսային Իրաքի Քրտական Ինքնավարութեան վարչապետ Մասրուր Պարզանիի եւ այլ միջազգային ազդու դէմքերու հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Խաչատուրեան եւ Մաքրոն քննարկեցին Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները։
Ուրբաթ, Յունուար 19, 2024