ՔԼԱԱՐԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը։ Այս վերջինը ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեանին կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին փոխ-նախարարը շեշտեց, որ Ատրպէյճան կը խոչընդոտէ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման գործընթացը։

Մհեր Գրիգորեանն ալ Թոյվօ Քլաարին հետ անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացին։

Ուրբաթ, Յունուար 19, 2024