Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ԱԼԻԵՒ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովին մասնակցելէ վերջ ժամանեց Անգարա։ Ան երէկ երեկոյեան հասաւ Թուրքիա, ուր այսօր կը հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Յետմիջօրէին Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս նախատեսուած են երկու ղեկավարներու մասնակցութեամբ իրադարձութիւնները։
Իլհամ Ալիեւ հերթական անգամ վերընտրուած ըլլալով կ՚այցելէ Թուրքիա։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Անգարա-Պաքու բանակցութիւններու ընթացքին կ՚արժեւորուին տարածաշրջանի իրադարձութիւնները։ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ կը քննարկուին երկկողմանի համագործակցութիւնը ա՛լ աւելի խորացնելու ուղղեալ զանազան հարցեր։
Երկուշաբթի, Փետրուար 19, 2024