ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցան՝ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի միջնորդութեամբ։ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ շուրջ վեց ամսուան ընդհատումէ մը վերջ ուղիղ շփում մը ունեցան, ինչ որ առիթ հանդիսացաւ թէ՛ դրական պատգամներու հնչեցման եւ թէ միեւնոյն ժամանակ նոր մեղադրանքներու բարձրաձայնման։ Ըստ էութեան, Երեւան եւ Պաքու վերահաստատեցին իրենց յայտնի մօտեցումները՝ խաղաղութեան որոնումներու ճանապարհին։

Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին, միջազգային բեմահարթակի վրայ անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ։ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումն ալ այդ առումով եղաւ գործօն մը, որ արդարացուց այս հեղինակաւոր հարթակը՝ մանաւանդ, որ Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ հերթական աշխուժութիւնը ապահովուեցաւ դարձեալ Արեւմուտքի յառաջատար դերակատարներէն մէկուն միջնորդութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ռուսաստան երկար ժամանակէ ի վեր անհանգստութիւն կը յայտնէ, որ Արեւմուտքը կը ջանայ զինքը չէզոքացնել Հարաւային Կովկասի մէջ եւ այս նպատակով միջամուխ կը դառնայ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն։

Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի շրջանակներէն ներս թէ՛ Նիկոլ Փաշինեան եւ թէ Իլհամ Ալիեւ ունեցան բազմակողմանի շփումներ։ Փաշինեանի պատուիրակութեան մէջ էին նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Իրենց հերթին, երկու նախարարներն ալ ունեցան կարեւոր երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի անմիջական ուշադրութիւնը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն նկատմամբ։ Արդարեւ, Պլինքըն Միւնիխի մէջ տեսակցեցաւ թէ՛ Փաշինեանի եւ թէ Ալիեւի հետ։ Բաց աստի, Արարատ Միրզոյեանն ալ մէկտեղուեցաւ Էնթընի Պլինքընի հետ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը, միեւնոյն ժամանակ, Միւնիխի մէջ մէկտեղուեցաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի բանակցութիւններու գծով Պլինքընի յատուկ ներկայացուցիչին՝ Լուիս Պոնոյի հետ։

Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը մէկտեղելէ առաջ Օլաֆ Շոլցն ալ անոնց հետ ունեցաւ երկկողմանի հանդիպումներ։ Ըստ զանազան աղբիւրներու, եռակողմանի հանդիպման զուգահեռ՝ Միւնիխի մէջ Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ երկկողմանի շփում մըն ալ տեղի ունեցաւ։ Այս բոլորը կը մեկնաբանուին նաեւ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած կանխահաս նախագահական ընտրութիւններուն յաջորդած համայնապատկերին վրայ։ Արդէն որեւէ անակնկալ չկար Իլհամ Ալիեւի վերընտրութեան պարագային, սակայն, ընտրական գործընթացի աւարտին արդէն անմիջապէս Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն մէջ դարձեալ աշխուժութիւն մը կը նկատուի։ Արդարեւ, Միւնիխի եռակողմանի հանդիպումէն վերջ հաղորդուեցաւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հրահանգ տրուած է բանակցութիւնները շարունակելու համար։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Օլաֆ Շոլց Միւնիխի մէջ կոչ ուղղեց, որպէսզի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները աւարտին հասցուին շուտափոյթ կերպով։ Ըստ Գերմանիոյ կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին, Շոլց անդրադարձած է չլուծուած հարցերուն եւ անոնց վերաբերեալ կարծիքի տարբերութիւններուն։ Ան համոզուած է, թէ այդ բոլորը բացառապէս խաղաղ երկխօսութեան միջոցաւ պէտք է հարթուի եւ առանց ուժի կիրառման հարցերը պէտք է լուծուին կողմերու յանձնառութեամբ։ Եռակողմանի քննարկումներու ընթացքին Շոլց կոչ ուղղած է, որպէսզի շուտափոյթ աւարտին հասնին կողմերու միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները։ Ան ընդգծած է, որ Գերմանիան եւ ընդհանուր առմամբ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստակամ են առաւելագոյն աջակցութիւն ցուցաբերել այս գործընթացին։ Այս կէտին վրայ ան յիշեցուցած է Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի ջանքերը։

Իլհամ Ալիեւն ալ Միւնիխի երկկողմանի հանդիպումէն վերջ յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս գործնականօրէն խաղաղութիւն հաստատուած է, պայմանաւորուածութիւններ պէտք է ձեռք բերուին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։ Ան Միւնիխի հանդիպումը նկատեց օգտակար։ Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ նշեց, որ Միւնիխի մէջ, ըստ էութեան, արձանագրուեցաւ, թէ կողմերը հաւատարիմ կը մնան իրենց պայմանաւորուածութիւններուն։

Ըստ այժմու ենթադրութիւններուն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ ծրագրուած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ շուտով։ Կը նախատեսուի, որ նախարարները ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին վրայ քննարկումները շարունակեն։

Միւնիխի բազմակողմանի շփումներու եզրափակիչ փուլին Նիկոլ Փաշինեան մէկտեղուեցաւ գերմանահայ համայնքէն ներկայացուցիչներու հետ։ Այս փուլին ունեցած ելոյթին ժամանակ ան ամփոփեց շաբաթավերջի խտացեալ հանդիպումները։ Իր խօսքով՝ ընդհանուր առմամբ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ փոխըմբռնում մը կայ՝ նախապէս գոյացած համաձայնութիւններուն հաւատարիմ մնալու ուղղութեամբ։ «Մենք մեր կողմէ հաստատակամ ենք այդ պայմանաւորուածութիւններուն հաւատարիմ մնալու», ըսաւ վարչապետը եւ աւելցուց, որ այս ընթացքը կրնայ նպաստել նաեւ սահմանային լարուածութեան նուազեցման։ Հայ համայնքի հետ զրուցելու ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց նաեւ հետեւեալը. «9 նոյեմբեր 2020 թուականի փաստաթուղթին մէջ չկայ որեւէ կէտ, ըստ որու Ռուսաստան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պէտք է որեւէ բան վերահսկէ»։ Վարչապետը խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին մասին։ Ան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի ղեկավարին կողմէ որդեգրուած խօսոյթը ինքնին ազդանշան մըն է վտանգներու մասին։ Առաջին հերթին սա միջազգային յարաբերութիւններու մէջ պէտք է կառավարել։ «Արդարեւ, «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի ստեղծման պատճառներէն մին ո՞րն է։ Ատրպէյճան կը փորձէ տպաւորութիւն ստեղծել, թէ մենք չենք ուզեր ճանապարհ տրամադրել ոեւէ մէկուն», շարունակեց Փաշինեան։

Ընդհանուր առմամբ, միջազգային դերակատարները դրականօրէն կ՚արձագանգեն Միւնիխի եռակողմանի հանդիպման։ Հարաւային Կովկասի գծով ՆԱԹՕ-ի ներկայացուցիչ Խաւիէ Քոլոմինան ալ շաբաթավերջի շփման լոյսին տակ նշեց, որ դաշինքը կ՚աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն։

Թէեւ Իլհամ Ալիեւ օգտակար համարած է Միւնիխի շփումը, սակայն Պաքուի արձագանգները, ինչպէս միշտ, երկմտութեան կը միտին։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթավերջին անմիջապէս անդրադարձաւ՝ Նիկոլ Փաշինեանի գերմանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպման ժամանակ ըրած յայտարարութիւններուն։ Այսպէս, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճըզատէ Նիկոլ Փաշինեանը մեղադրեց՝ իր յայտարարութիւններով միջազգային հանրութիւնը մոլորեցնելու համար։ Ան պնդեց, որ թէեւ Միւնիխի հանդիպումը անցած է դրական եւ օգտակար մթնոլորտի մէջ, սահմանազատման եւ խաղաղութեան պայմանագրի կոչեր կը հնչեն, սակայն, Հայաստանի վարչապետը միջազգային հանրութիւնը մոլորեցնող յայտարարութիւններ կ՚ընէ, ինչ որ ցաւալի է։ Բանբերը այս կէտին վրայ մատնանշեց գերմանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ Փաշինեանի ունեցած հանդիպման ժամանակ հնչած արտայայտութիւնը. «Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը չի պաշտպանուիր միջազգային հանրութեան կողմէ»։ Այս կէտին վրայ բանբերը ըսաւ. «Հայաստանի վարչապետը ո՛չ թէ կ՚ըսէ, որ Ատրպէյճանի տարածքներու դէմ յաւակնութիւնները անհիմն են, այլ միջազգային հանրութեան կողմէ չաջակցուող գործողութիւններու շարունակութիւնը անհիմն կը նկատէ։ Սա անգամ մը եւս անուղղակիօրէն կ՚ապացուցանէ, որ հայկական կողմի պահանջները դեռ կը շարունակուին։ Այս առումով Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրութեան մէջ արտացոլուած՝ մեր տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ պահանջները պէտք է ջնջուին»։

ԱՅԼ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Միւնիխի մէջ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ՝ Իրաքի վարչապետ Մուհամմէտ Շիա Սուտանիի, Քոսովայի վարչապետ Ալպին Քուրթիի, Հիւսիսային Իրաքի Քրտական Ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանիի, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Մալթայի արտաքին գործոց, Եւրոպայի հարցերու եւ առեւտուրի նախարար Իըն Պորկի, Լիխթենշթայնի իշխան Ալոիս ֆոն ունդ ցու Լիխթենշթայնի, ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիտի, ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիի, Գաղթի միջազգային կազմակերպութեան տնօրէնուհի Էյմի Փոփի, Անգլիոյ գաղտնի հետախուզական ծառայութեան ղեկավար Ռիչըրտ Մուրի, Եւրոպայի վերակառուցման եւ զարգացման դրամատան նախագահ Օտիլ Ռենօ-Պասսոյի, Ժողովրդավարութեան ազգային աջակցութեան հիմնադրամի նախագահ Տէյմոն Ուիլսոնի, «Amazon Web Services» ընկերութեան համանախագահներ՝ Մայքըլ Փանկիէի եւ Մաքս Փեթերսոնի եւ Աթոմային փորձարկումներու համապարփակ արգիլման պայմանագրի կազմակերպութեան գործադիր քարտուղար Ռոպերթ Ֆլոյտի հետ։

Արարատ Միրզոյեանն ալ տեսակցեցաւ՝ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկի, Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի, Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքարի, Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լումինիթա Օտոպեսքուի, Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Մարկուս Ցահքնայի, Մալթայի արտաքին գործոց նախարար Իըն Պուրկի, Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսփէն Պարթ Էյտէի, Ալպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Իկլի Հասանիի, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան քաղաքային եւ նահանգային դիւանագիտութեան յատուկ ներկայացուցիչ Նինա Խաչիկեանի, Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռատոսլաւ Սիքորսքիի, Յորդանանի փոխ-վարչապետ, արտաքին գործոց եւ սփիւռքի նախարար Այման ալ Սաֆատի, Փորթուգալի արտաքին գործոց նախարար Եոյօ Քրավինիոյի եւ Թոկոյի արտաքին գործոց նախարար Ռոպերթ Տիւսէի հետ։

Իր կարգին, Սուրէն Պապիկեանն ալ Միւնիխի մէջ հանդիպեցաւ՝ Լիթվայի պաշտպանութեան նախարար Արվիտաս Անուշաուսքասի, Պուլկարիոյ պաշտպանութեան նախարար Թոտոր Թակարեւի եւ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պորիս Փիսթորիուսի հետ։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 19, 2024