ՅԱՒԱԿՆՈՏ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Պրիւքսէլի մէջ։ Ան կը մասնակցի Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) գագաթաժողովին։ Հարկ է նշել, որ ԵԺԿ վերջերս հայանպաստ բանաձեւ մը ընդունած էր 2015-ի տարելիցին կապակցութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած են նաեւ Սերժ Սարգսեանի շարք մը երկկողմանի հանդիպումները։
Սերժ Սարգսեան երէկ երեկոյեան ժամերուն Երեւանէն հրաժեշտ առաւ ուղեւորուելու համար Պրիւքսէլ։ Նախքան իր ճամբորդութիւնը, ան օրուան տեւողութեան զանազան առիթներով կարեւոր պատգամներ փոխանցեց Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ընթացքին կապակցութեամբ։ Առհասարակ, վերջին օրերուն Հայաստանի ղեկավարութիւնը այս նիւթին վրայ ծանրացաւ՝ Երեւանի մէջ իրերայաջորդ տեղի ունեցած հաւաքոյթներուն բերումով։ Դէպի Պրիւքսէլ այցելութեան նախօրեակին՝ օր մը առաջ ալ Եւրոնեստի խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստի բացման ելոյթին ժամանակ Սերժ Սարգսեան ըսած էր հետեւեալը. «Յենլով ընդհանուր արժէքներու վրայ՝ Հայաստան յանձնառու է զարգացնել համագործակցութիւնը Եւրոմիութեան հետ՝ ուղղուած ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ դատական համակարգի շարունակական բարելաւման, մարդու իրաւանց եւ իրաւունքի գերակայութեան խթանման, արդիւնաւէտ կառավարման, կաշառակերութեան դէմ պայքարի, քաղաքացիական հասարակութեան ամրապնդման, գործարար միջավայրի հետագայ կատարելագործման, շարժունակութեան եւ գործընկերութեան շարունակական իրականացման եւ ոլորտային համագործակցութեան ընդլայնման»։
Պրիւքսէլ այցելութեան ընդառաջ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Եւրոյանձնաժողովի Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով յանձնակատար Եոհանէս Հանը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Զրոյցի ընթացքին Սերժ Սարգսեան եւրոպացի գործընկերներու հետ շարունակական երկխօսութիւնը եւ բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները լաւ հնարաւորութիւն համարեց Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները քննարկելու, կողմերու համատեղ օրակարգի հարցերուն շուրջ կարծիքներ փոխանակելու առումով։ Այս ծիրին մէջ ան ողջունեց յանձնակատար Հանի Երեւան այցելութիւնը։
Իր կարգին, Եոհանէս Հան դիտել տուաւ, որ մեծապէս կը գնահատէ Հայաստանի եւ եւրոպական գործընկերներուն միջեւ հաստատուած երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը։ Ըստ իրեն, ներկայիս վերատեսութեան կ՚ենթարկուի Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան հայեցակարգը, որու սկզբունքներուն շուրջ տեսակէտներու աշխոյժ փոխանակում մը կ՚իրականացուի։ Այդ կարեւոր սկզբունքներու շարքին կը գտնուի՝ հարեւանութեան քաղաքականութեան իւրաքանչիւր գործընկերոջ նկատմամբ ԵՄ-ի կողմէ մասնաւոր մօտեցումի մը ցուցաբերուիլը՝ հասկնալով ու յարգելով համագործակցութեան վերաբերեալ տուեալ երկրի պատկերացումներն ու մօտեցումները։
Նախագահ Սարգսեան Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան շրջանակներէն ներս համագործակցութիւնը օգտակար նկատեց Հայաստանէ ներս բարեփոխումներու խթանման տեսանկիւնէն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց եւրոպական բոլոր կառոյցներուն՝ այս հարցին մէջ ցարդ ցուցաբերուած օժանդակութեան համար։
Եոհանէս Հան նշեց, որ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներէն ներս նախորդ փուլի բանակցութիւնները մսխուած ջանքեր չէին եւ անկախ հետագայ զարգացումներէն, անոնք օգտակար էին ակնկալութիւններն ու սահման-ւած չափանիշները, նաեւ եւրոպական շուկայէ ներս մրցունակ ըլլալու հնարաւորութիւնները պատկերացնելու առումով։
Զրոյցի տեւողութեան Սարգսեան եւ Հան կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն շուրջ։
Զրոյցին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, Երեւանի մօտ ԵՄ-ի առաքելութեան ղեկավար Թրայան Խրիստէա եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Եոհանէս Հան երէկ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Այս առթիւ կարծիքներ փոխանակուեցան Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու իրաւական նոր շրջագծի ձեւաւորման շուրջ։ Կարեւորուեցաւ իրաւական նոր փաստաթուղթի մը շուրջ բանակցութիւններուն ապագայ մեկնարկը։ Նալպանտեան վերահաստատեց Երեւանի պատրաստակամութիւնը՝ առկայ ձեռքբերումներուն հիման վրայ շարունակելու համար ԵՄ-ի համագործակցութեան հետագայ խորացումը բոլոր ուղղութիւններով, հնարաւոր ոլորտներէն ներս։
Նալպանտեան եւ Հան Երեւանի մէջ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ եւրոպացի յանձնակատարը դիտել տուաւ, որ ԵՄ կը սատարէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։ Ըստ իրեն, հակամարտութեան գօտիէն ներս առկայ կարգավիճակը անընդունելի է։ Եւրոպական կողմը կը խթանէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան շարունակումը, ներառեալ նախագահներու մակարդակով։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի հրադադարը յարգուի եւ ստեղծուի կարգաւորման համար անհրաժեշտ մթնոլորտը։ Նալպանտեանն ալ այս խնդրին վերաբերեալ կրկնեց հայկական կողմին մօտեցումները։ Ի լրումն այս բոլորին ան ընդգծեց, թէ Հայաստան եւ ԵՄ վերջին տարիներուն արձանագրած են բաւական ձեռքբերումներ։ Կողմերու միջեւ խորհրդատուութիւնները պիտի նախանշեն այն իրաւական հիմքը, որ ապագային պէտք է ձեւակերպուի բանակցութիւններու արդիւնքով։ Ըստ Նալպանտեանի, այդ բանակցութիւնները պիտի սկսին, երբ Եւրոմիութիւնը համապատասխան լիազօրութիւն տայ իր խումբին՝ բանակցութիւնները վարելու համար։ Նալպանտեան յիշեցուց, որ այս մասին նշուած էր նաեւ Վիլնիուսի գագաթաժողովին ժամանակ ստորագրուած Հայաստանի եւ ԵՄ-ի համատեղ յայտարարութեան մէջ։
Իր կարգին, Եոհանէս Հանն ալ յայտնեց, որ Հայաստան եւ ԵՄ պիտի բանակցին յաւակնոտ համաձայնագրի մը շուրջ։ Ըստ իրեն, ներկայ տարին կարեւոր ու վճռորոշ պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւններուն համար։ Սա կը նշանաւորուի այն հանգամանքով, որ կողմերը երկուստեք յանձնառութիւն ստանձնած են ամուր իրաւական հիմք մը հաստատելու համար ապագայ յարաբերութիւններուն։ Ըստ իրեն, ԵՄ կ՚ողջունէ շարժունակութեան գործընկերութեան իրականացման ուղղութեամբ Հայաստանի ապահոված դրական յառաջընթացը։ «Հայաստան կրնայ ակնկալել ԵՄ-ի հետագայ օժանդակութիւնը մուտքի արտօնութիւններու դիւրացման, քաղաքական եւ ընկերային բարեփոխումներու խորացման գծով, մարդու իրաւանց եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան բարելաւման բնագաւառին մէջ», ըսաւ յանձնակատարը։
Միւս կողմէ, Սերժ Սարգսեան Երեւանի եւ ԵՄ-ի համագործակցութեան կապակցութեամբ արտայայ-տըւեցաւ նաեւ երէկ Երեւանի մէջ բացուած «Արարատի ստորոտին» խորագրեալ հինգերորդ մետիայի համաժողովին ժամանակ։ Միջազգային զանգուածային լրատուութեան միջոցներու շուրջ 150 ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած այս հաւաքին ընթացքին Սերժ Սարգսեան ըսաւ. «Ըլլալով եւրոպական ընտանիքի եւ քաղաքակրթութեան լիարժէք անդամ եւ մեր զարգացման հիմքին մէջ կրելով եւրոպական արժեհամակարգի սկզբունքները՝ մենք գործօն ջանքեր կը ներդնենք ինչպէս եւրոպական առանձին երկիրներու, այնպէս ալ ԵՄ-ի եւ մեր արեւմտեան գործընկերներուն հետ յարաբերութիւններու խորացման գործին մէջ։ Հայաստան-ԵՄ համագործակցութիւնը նշանաւորուած է լուրջ ձեռքբերումներով, ինչ որ արդիւնքն է համատեղ ջանքերու, քաղաքական կամքի եւ երկուստեք պատրաստակամութեան։ Այս տարիներու ընթացքին մեր երկխօսութեան մէջ կեդրոնական տեղ զբաղեցուցած են նաեւ Հայաստանի մէջ իրականացուող լայնածաւալ բարեփոխումները։
«Մենք մտադիր ենք պահպանել այս ձեռքբերումները, աւելին՝ խորացնել եւ զարգացնել զանոնք նորանոր նախաձեռնութիւններով։ Այդ մասին կը վկայէ 2013 թուականի Նոյեմբերին Վիլնիուսի մէջ ընդունուած Հայաստան-ԵՄ համատեղ յայտարարութիւնը, որով վերահաստատուեցաւ համապարփակ համագործակցութիւնը աւելի զարգացնելու եւ ամրապնդելու փոխադարձ յանձնառութիւնը։ Աշխոյժ քայլերու կը ձեռնարկենք ԵՄ-ի հետ մեր նոր իրաւապայմանագրային հիմքը ձեւաւորելու ուղղութեամբ»։
Սարգսեան աւելցուց, թէ 21-րդ դարուն, համաշխարհայնացման բուռն թափերու պայմաններուն ներքեւ, երբ աշխարհ կ՚ընթանայ միասնական տարածքի մը ձեւաւորման ուղղութեամբ, երբ պետութիւններու միջեւ տնտեսականսահմանները կարծես կը կորսնցնեն իրենց նշանակութիւնը, անիմաստ կը դառնայ խօսիլ տարբեր համարկման մօտելներու հակադրման շուրջ։ «Մէկ անգամ չէ, որ ըսած եմ՝ Հայաստան, անդամակցելով Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան, կրնայ կապող օղակ մը հանդիսանալ այդ կառոյցի երկիրներու եւ արեւմտեան երկիրներու գործարար համայնքներուն համար», նշեց ան։