ԾԱՆՐ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ

Հարաւային Կովկասի նկատմամբ Արեւմուտքի հետեւողական հետաքրքրութիւնը, Ռուսաստանի հետ առկայ մրցակցութեան պայմաններուն մէջ տարածաշրջանային նոր հաւասարակշռութիւններու ձեւաւորման որոնումները միշտ նոր արկածախնդրութիւններու հեռանկարները կը ստեղծեն։ Այժմ Հայաստանի տեսակէտէ ծանր հարցականները կը շարունակեն մնալ օրակարգի վրայ։ Երեւանի ղեկավարութիւնը այսօր կը հիւրընկալէ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկը, որ կ՚իրականացնէ տարածաշրջանային այցելութիւն մը։ Սթոլթենպերկ ուղեւորութեան առաջին փուլին այցելեց Պաքու, ուր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ հիւրընկալուեցաւ։ Երէկ Ալիեւ նշեց, որ Երեւան-Պաքու բանակցութիւնները աշխոյժ փուլի մէջ կը գտնուին։ Միեւնոյն ժամանակ, Նեւրուզի տօնին առթիւ ան այցելեց Ստեփանակերտ, ուր վարեց աւանդական կրակը։ Այս առթիւ Ալիեւ Վերածնունդի հրապարակը վերանուանեց՝ որպէս Յաղթանակի հրապարակ։

Ալիեւի այս արտայայտութիւններուն զուգահեռ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ այցելեց Տաւուշի մարզը, ուրկէ չորս գիւղերու Ատրպէյճանին յանձնուելու խնդիրը բուռն ձեւով կը զբաղեցնէ հանրային կարծիքը։ Վարչապետը անթաքոյց ձեւով տաւուշցիներուն նկատառման յանձնեց, որ սահմանակից այդ չորս գիւղերը պէտք է ժամ առաջ Ատրպէյճանին յանձնուին, այլապէս նոր պատերազմ մը կրնայ ծագիլ։ Նիկոլ Փաշինեան մամուլին ալ յայտնեց, որ իր վերջին ասուլիսին ընթացքին ցոյց տուած Հայաստանի Հանրապետութեան ուրուագծին նոյնը ներկայացուցած է նաեւ տաւուշցիներուն։

Երէկ, իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ղազախիստանի իր պաշտօնակցին՝ Մուրատ Նուրթլէուին հետ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Երեւան բոլոր ջանքերը կը գործադրէ Պաքուի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու համար։

Բաց աստի, Պաքուի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Հարաւային Կովկասի բանակցութիւններու գծով յատուկ ներկայացուցիչ Լուիս Պոնոն։ Այս վերջինը ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։

Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներն ալ երէկուան հերթական ժողովին ընթացքին անդրադարձան Հարաւային Կովկասի իրադրութեան։ Պրիւքսէլի քննարկումներէն վերջ, ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով գլխաւոր բանբերը՝ Փեթեր Սթանօ նշեց, որ ժողովի ընթացքին կրկնուած է եւրոպական կողմի աջակցութիւնը ի նպաստ Հայաստանին։ Ան յիշեցուց, որ կը խրախուսուին Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու նոր օրակարգի ձեւաւորման ուղղեալ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումը։

Արեւմտեան հարթակներէն հնչած այս բոլոր յայտարարութիւններու մթնոլորտին մէջ այսօր Երեւան կը հասնի Եէնս Սթոլթենպերկ, որ երէկ Թիֆլիզի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Վրաստան կը դառնայ ՆԱԹՕ-ի անդամ։ Երեւան հասնելէ առաջ, Սթոլթենպերկ նշեց, որ Ատրպէյճանի բանակին ՆԱԹՕ-ի չափանիշներուն համապատասխանեցումը կը ներկայացնէ կարեւորութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ, ընդհանուր քարտուղարը շեշտեց, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան ռազմական համագործակցութիւնը կը նպաստէ ՆԱԹՕ-ի հետ յարաբերութիւններու խորացման։ Բաց աստի, Սթոլթենպերկ յիշեցուց, որ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններուն մէջ դաշինքը թէեւ միջնորդ չէ, սակայն կը խրախուսէ բանակցութիւնները, որոնք ուղղուած են յարաբերութիւններու կարգաւորման։

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2024