ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ԱՂԷՏ
Կազզէի պատերազմին հետեւանքով Պաղեստինի մէջ յառաջացած շարունակական աղէտը կ՚ընթանայ ծանրածանր դրսեւորումներով։ Միջազգային աղբիւրները կը հաղորդեն, որ այս օրերուն Պաղեստինէն դարձեալ գաղթի հերթական ալիք մը խնդրոյ առարկայ դարձած է։ Արդարեւ, Իսրայէլի բանակը նախորդ գիշեր Կազզէի հիւսիսին գործողութիւն մը իրականացուց «Շիֆա» հիւանդանոցին վրայ, ուր ապաստանած են հազարաւոր գաղթական պաղեստինցիներ։ Իսրայէլի զինեալ ուժերը թէեւ տեղեկացուցին, որ այդ գործողութիւնը «Համաս»ի դէմ իրականացուած է, սակայն շրջանի հոծ թիւով բնակիչներ արդէն սկսան այդ շրջաններէն խոյս տալ։
Մինչ դաշտի վրայ մարդկային կացութիւնը կը շարունակէ մնալ աննկարագրելիօրէն ծանր, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես Իսրայէլին կոչ ուղղեց, որպէսզի ապահովէ մարդասիրական մատակարարումներու լիարժէք մուտքը Կազզէ։ Իր կարգին, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սեմիհ Շիւքրի երէկ յայտնեց, որ Քաթարի մէջ Կազզէի հարցով տեղի կ՚ունենան բանակցութիւններ։ Մինչ Եգիպտոսի պատուիրակութիւնը կը մասնակցի այս բանակցութիւններուն, երէկ Գահիրէի մէջ ալ տեղի ունեցաւ կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսի ստորագրեցին ելմտական համաձայնագիր մը։ Եւրոմիութեան եւ Եգիպտոսի միջեւ գոյացած այս համաձայնութիւնը խորքին մէջ ունի գաղթի դէմ նախազգուշական միջոցի մը բնոյթը։ ԵՄ 7.4 միլիառ եւրօ օժանդակութիւն կը յատկացնէ Եգիպտոսին այս նպատակով։
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի հետ։ Երկու ղեկավարներուն միջեւ վերջին շրջանին բարձրաձայնուած էին փոխադարձ քննադատութիւններ եւ մեղադրանքներ։ Այսպէսով շուրջ ամսուան մը ընդհատումէն վերջ Պայտընի եւ Նեթանիյահուի միջեւ տեղի ունեցաւ ուղիղ շփում մը։
Միջազգային դերակատարները ներկայիս կը փորձեն կանխել՝ Իսրայէլի կողմէ Ռեֆահի գաղթականաց ճամբարին վրայ ծրագրուած յարձակումը։