ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

 

Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ արձագանգեց Լեռնային Ղարաբաղէն Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի վաղաժամ դուրսբերման վերաբերեալ որոշման։ Այսպէս, Անգարայէն հաղորդուեցաւ կարեւոր կարգադրութեան մը մասին։ Նախարարութեան բանբերը՝ Զեքի Աքթիւրք յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս, Աղտամի մէջ տեղակայուած Թուրքիա-Ռուսաստան դիտարկման կեդրոնը կը գտնուի իր աշխատանքները աւարտելու փուլին մէջ։

«Կը շարունակուին Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան միջեւ ստորագրուած յուշագրի համաձայն՝ 2021 թուականի յունուարի 30-էն ի վեր Աղտամի մէջ հրադադարի դրութեան փոխադարձ համակարգուած դիտարկման եւ խախտումներու կանխարգիլման նպատակով գործող ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնի առաքելութիւնը աւարտելու ջանքերը», ըսաւ ան։

Աղտամի խնդրոյ առարկայ կեդրոնի ստեղծման ուղղութեամբ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած էր 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ։ Ներկայիս, երբ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը՝ արդէն հայաթափուած Արցախէն վաղահաս հեռանալու որոշում առած է, Աղտամի համատեղ կեդրոնի ապագան ալ այսպէսով յստակացած կը դառնայ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024