ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԸ

Երուսաղէմի «Waldorf Astoria» պանդոկի համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ միջկրօնական կարեւոր համաժողով մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգչեան։ Մոսկուա-Երուսաղէմ «Իմ խաղաղութիւնը կու տամ ձեզի» խորագրեալ այս միջկրօնական համաժողովը համախմբեց Սուրբ Քաղաքի բազմաթիւ կրօններու կամ դաւանանքներու ներկայացուցիչները, որոնք համակեցութեան ուղղութեամբ տուին կարեւոր պատգամներ՝ մինչ Մերձաւոր Արեւելքը դարձեալ արիւնլուայ կացութեան մը մատնուած է։

Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգչեան այս միջկրօնական համաժողովի մասնակիցներուն խօսք ուղղեց՝ յանուն Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան, որ եւս, իր հերթին, միջոցէ մը ի վեր լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ՝ մասնաւորապէս պայմանաւորուած «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի տագնապով։

Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024