ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Գալիֆորնիոյ Մեսրոպեան ազգային վարժարանէն աշակերտներու խումբ մը այսօրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան եւ ուսուցչուհի Զեփիւռ Յովհաննէսեան կը գլխաւորեն աշակերտական խումբը, որ Երեւանի մէջ այցելեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն։ Կը հաղորդուի, որ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց խումբը ու նշեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանը այսօր ունի աւելի քան երեք հարիւր աշակերտ եւ հայեցի դաստիարակութիւն կը ջամբէ նոր սերունդին։ Ան մասնաւորապէս կարեւորեց այն հանգամանքը, որ վարժարանի աշակերտութիւնը կը հրատարակէ պաշտօնաթերթ եւ տարեգիրք։ Նախարարին համոզմամբ, սա կը նշանակէ, թէ դպրոցի ուսուցչական կազմը կ՚ապրի հայկական արժէքներով եւ տասնամեակներէ ի վեր հնարաւոր բոլոր միջոցները ի գործ կը դրուին՝ սերունդներուն փոխանցելու համար հայոց լեզուն եւ մշակոյթը։
Հանդիպման ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան երիտասարդներուն յանձնեց «Սորվէ մեծերէն» գիրքէն օրինակներ։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ Դաւիթ Ղուկասեան ընդգծեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանը իսկապէս ստեղծուած է որպէս հայկական ճշմարիտ ամրոց։ Աշակերտներուն մեծամասնութիւնը Հայաստանի մէջ չեն ծնած, սակայն կրնան ազատ արտայայտուիլ հայերէնով։ Տնօրէնը դիտել տուաւ, որ խումբի տղոց մեծամասնութիւնը առաջին անգամ Հայաստան կ՚այցելէ եւ այնտեղ բոլորը կը զգան ազատ ու անկաշկանդ։
Աշակերտները Հրանոյշ Յակոբեանին խոստացան, որ երբ դառնան չափահաս՝ իրենք ալ իրենց զաւակները նոյնպէս պիտի ուղարկեն Մեսրոպեան վարժարան։