ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՏԵՍԱԿԷՏՆԵՐ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Louisville հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Փրոֆ. Ճաս­թին Մաք­Քար­թի յայ­տա­րե­րեց, թէ հա­յոց կող­մէ ա­ռա­ջադ­րուած ցե­ղաս­պա­նու­թեան պնդում­նե­րուն դէմ Թուր­քիա պէտք է վա­րուի ա­ւե­լի աշ­խոյժ։ «Ա­նա­տո­լու» գո­րծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Ճաս­թին Մաք­Քար­թի ը­սաւ. «Եր­բեմն զօ­րա­ւոր ըլ­լա­լու ա­ռըն­թեր պէտք է նաեւ խօ­սիլ բարձ­րա­ձայն»։

­Պատ­մա­բան եւ բնակ­չու­թեան մաս­նա­գէտ ՄաքՔար­թի ծա­նօթ է Օս­մա­նեան պե­տու­թեան վեր­ջին շրջա­նին վրայ կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րով։ Ան վեր­ջերս հե­ղի­նա­կած է եր­կու գիր­քեր, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ թուր­քե­րու խորհր­դան­շած կեր­պա­րին եւ 1281-1923 թուա­կան­նե­րու օս­մա­նեան թուր­քե­րուն։ Իր այս եր­կու գոր­ծե­րը թարգ­մա­նուած են նաեւ թրքե­րէ­նի եւ Մաք­Քար­թի վեր­ջերս Իս­թան­պուլ այ­ցե­լեց իր գոր­ծե­րու թրքե­րէն թարգ­մա­նու­թեան շնոր­հան­դէ­սին առ­թիւ։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Ճաս­թին Մաք­Քար­թի յայտ­նեց, թէ ինչ­պէս ան­հատ­նե­րու, այն­պէս ալ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին եր­բեմն դրա­կան յատ­կու­թիւն­նե­րը կըր-նան վե­րա­ծուիլ ժխտա­կան հան­գա­մանք­նե­րու։ Ան բա­ցատ­րեց, թէ թուր­քե­րը զօ­րա­ւոր, ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան տէր եւ չգան­գա­տող ան­ձեր կ՚ըլ­լան։ «Ե­թէ թուր­քը վի­րա­ւո­րես, ա­պա եր­կու բան կ՚ը­նէ՝ կա՛մ կա­րե­ւո­րու­թիւն չի տար եւ կամ խստիւ կը փո­խա­դար­ձէ։ Չի լար։ Սա թէեւ լաւ ա­ռա­ւե­լու­թիւն մըն է, սա­կայն վատ ե­րե­սա­կը այն է, որ դուր­սի մար­դոց լսած միակ բա­նը կ՚ըլ­լան լա­ցող­նե­րը։ Այս պատ­ճա­ռով թուր­քե­րուն միշտ կը յանձ­նա­րա­րեմ ըլ­լալ ա­ւե­լի աշ­խոյժ։ Պատ­մե­ցէք ապ­րուած­նե­րուն մա­սին», ը­սաւ Ճաս­թին Մաք­Քար­թի եւ ա­ւել­ցուց, թէ ա­ւան­դա­բար թուր­քե­րու վե­րա­բե­րեալ ա­մե­րի­կեան եւ եւ­րո­պա­կան տե­սա­կէ­տը կը բնո­րո­շուի միակ բա­ռով մը, որն է նա­խա­պա­շա­րու­մը։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Ճաս­թին Մաք­Քար­թի յայտ­նած է, թէ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն մէջ նոյ­նիսկ դժուար է հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ վի­ճա­բա­նու­թիւն մը կա­տա­րել։ Քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը, նոյ­նիսկ ա­կա­դե­մա­կան­նե­րը, չա­փէն ա­ւե­լի հա­մո­զուած են, թէ թուր­քե­րը կա­տա­րած են ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մը։ Մաք­Քար­թիի խօս­քե­րով, թուր­քե­րու վե­րա­բե­րեալ նա­խա­պա­շա­րում­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս կը ծա­գին միջ­նա­դա­րէն եւ ա­նոնց ազ­դե­ցու­թեամբ ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րը թուր­քե­րը կ՚ըն­կա­լեն որ­պէս բնա­կան մար­դաս­պան­ներ։ Այս ըն­կալ­ման մէջ կա­րե­ւոր ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծած են նաեւ օս­մա­նեան տա­րած­քէն ներս մի­սիո­նա­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լած ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րը, ո­րոնք 1830-ա­կան թուա­կան­նե­րէն սկսեալ գրի ա­ռած են տե­ղե­կագ­րեր։ ԱՄՆ-ի թուր­քե­րու վե­րա­բե­րեալ ժխտա­կան ըն­կա­լու­մը ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծէ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու վրայ, սա­կայն այն­տեղ գաղ­թած թուր­քե­րը չեն ազ­դուիր ան­հա­տա­կան հար­թու­թեան վրայ։

Ճաս­թին Մաք­Քար­թի հա­մո­զուած է, թէ թուր­քե­րը պէտք է սոր­վին ի­րենց պատ­մու­թիւ­նը, ու մա­նա­ւանդ թուր­քե­րու եւ հա­յոց մի­ջեւ ապ­րուած­նե­րը։ Ըստ ի­րեն, Թուր­քիոյ մէջ հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ կը կազ­մա­կեր­պուին բա­զում գի­տա­ժո­ղով­ներ, ո­րոնց ըն­թաց­քին կա­րե­լի է պաշտ­պա­նել ցե­ղաս­պա­նու­թեան տե­սա­կէ­տը։ Սա կը նշա­նա­կէ, որ Թուր­քիա ա­զատ եր­կիր մըն է։

Հար­ցում­նե­րու պա­տաս­խա­նե­լու ժա­մա­նակ Ճաս­թին Մաք­Քար­թի պնդած է նաեւ, թէ ազ­գայ­նա­կան հա­յե­րը ու­նին ե­րեք նպա­տակ, ո­րոնց ա­ռա­ջինն է ա­պա­հո­վել Թուր­քիոյ կող­մէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մը կա­տա­րուած ըլ­լա­լուն ճա­նա­չու­մը։ Երկ­րորդ՝ կ՚ակն­կա­լեն ա­ւե­լի քան 80 մի­լիառ տո­լար հա­տու­ցում եւ եր­րորդ՝ կը փա­փա­քին, որ Թուր­քիա Հա­յաս­տա­նին յանձ­նէ իր տա­րած­քին մէկ մա­սը։

 

 

 

 

 

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015