ՀԱՐՍԱՆԻՔ ԼԵՌՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Մայիսեան եռատօներու ներկայ շրջանին, Շուշիի ազատագրման տարեդարձին շարժառիթով, «Հարսանիք լեռներուն մէջ» խորագրեալ զինուորական ծրագիրը անցեալ շաբաթավերջին մասնաւոր արարողութիւնով մը յանձնուեցաւ Երեւանի «Մայր Հայաստան» թանգարանին, որ կը գործէ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ծրագիրը թանգարանին յանձնեց զօրավար Արքատի Տէր-Թադէոսեան, որ ղեկավարած էր Շուշիի ազատագրման գործողութիւնները։
«Հարսանիք լեռներու մէջ» խորագրեալ ծրագրի մարտավարական քարտէսը թանգարանին յանձնելու ժամանակ Արքատի Տէր-Թադէոսեան լրագրողներուն յայտնեց, թէ այդ ծրագրին վրայ աշխատած են իր հարիւրաւոր մարտական ընկերները։ Ըստ իրեն, այդ ծրագիրը պիտի մնայ պատմութեան մէջ՝ սերունդներուն համար։
Շուշիի ազատագրումը Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին ժամանակ ճակատագրական նշանակութիւն ունեցած էր հայկական կողմին համար։