ՃԱՆԱՊԱՐՀԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՓՈՎ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Հա­յաս­տա­նի մէջ ճա­նա­պար­հա­շի­նու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին թա­փով։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ա­ռա­ւել կա­րե­ւո­րու­թիւն կը վե­րագ­րուի Հիւ­սիս-հա­րաւ մայ­րու­ղիի շի­նու­թեան։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կան ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէ սոյն նա­խա­գի­ծը կեան­քի կո­չե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Հիւ­սիս-հա­րաւ մայ­րու­ղիի Ե­րե­ւան-Աշ­տա­րակ հա­տուա­ծը բա­ւա­կան մօ­տե­ցած է իր վերջ­նա­կան տես­քին։ Հե­տե­ւա­բար, այդ հա­տուա­ծը աս­տի­ճա­նա­բար բա­ցուած է նաեւ եր­թե­ւե­կու­թեան։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015