ՄԱՆԿԱՆՑ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

ՄԱԿ-ի Մար­դու ի­րա­ւանց բարձ­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տա­րի գրա­սե­նեա­կի ե­րա­խա­նե­րու վա­ճառ­քի, ե­րա­խա­նե­րու մարմ­նա­վա­ճա­ռու­թեան եւ ման­կա­կան պոռն­կագ­րու­թեան հար­ցե­րով յա­տուկ զե­կու­ցող Մոտտ Տը Պու­յէ-Պու­քի­քօ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Այս շրջագ­ծով ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Ա­շոտ Յո­վա­կի­մեա­նի կող­մէ։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դու­մնե­րով, հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին յա­տուկ զե­կու­ցո­ղը ներ­կա­յա­ցուց իր Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան ար­դիւն­քին ե­րա­խա­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ո­լոր­տէն ներս նկա­տած խնդիր­ներն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ օ­րէնսդ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցին։

Ող­ջու­նե­լով հիւ­րը՝ Ա­շոտ Յո­վա­կի­մեան նշեց, որ ե­րա­խա­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռը, ե­րա­խա­նե­րու նկատ­մամբ յա­տուկ վե­րա­բեր­մուն­քով պայ­մա­նա­ւո­ր-ւած, մշտա­պէս կը գտնուի Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ու­շադ­րու­թեան ներ­քեւ։ Ա­շոտ Յո­վա­կի­մեան անդ­րա­դար­ձաւ այս ուղ­ղու­թեամբ երկ­րէն ներս ձեռ­նար­կուած աշ­խա­տանք­նե­րուն՝ կա­րե­ւո­րե­լով մի­ջազ­գա­յին պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու շրջա­կա­նակ­նե­րէն ներս ի­րա­կա­նա­ցուող գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։  

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015