ՌԱՖԱՅԷԼԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՌԱՋԱՏԱՐՆԵՐԷՆ
Ամերիկեան Forbes հանդէսը իր յունիսեան թիւի կափարիչին վրայ զետեղած է ամերիկեան Ani&Alex ոսկերչական ապրանքանիշի հիմնադիր Քարոլայն Ռաֆայէլեանը:
Ամերիկահայ ձեւաւորող, բարերար եւ գործարար Քարոլայն Ռաֆայէլեան ներառուած է Միացեալ Նահանգներու ամենահարուստ կանանց Forbes-ի ցանկին մէջ, որոնք ինքնուրոյն վաստկած են իրենց կարողութիւնը: Ռաֆայէլեան տարեկան 10 միլիոն տոլար կը շահի՝ 33 տոլարնոց ապարանջաններ վաճառելով: Յօդուածին մէջ կ՚ըսուի, որ ընկերութեան եկամուտին 80 առ հարիւրը առանձնայատուկ ապարանջաններն են, որոնց ձեւաւորումներուն վրայ աշխատած է ինք՝ Ռաֆայէլեան:
Forbes կը նշէ, որ 50-ամեայ հայուհիին կը պատկանի ոսկերչական ապրանքանիշի բաժնետոմսերուն 80 տոկոսը, որոնք կը գնահատուին առնուազն 1.2 միլիառ տոլար:
Ըստ կանխատեսումներու, 2020 թուականին Ռաֆայէլեանի հիմնած ապրանքանիշը կրնայ լուրջ մրցակից դառնալ յայտնի Pandora ապրանքանիշին, որ ոսկերչական զարդերու համաշխարհային շուկայի յառաջատարն է: Քարոլայն Ռաֆայէլեան նաեւ ընդգրկուած է «Աշխարհի ամենաուժեղ յիսուն կանանց» ցանկին մէջ, ըստ ամերիկեան Working Together ամսագրին: Անոր կարողութիւնը 700 միլիոն տոլար է: Ան կը համարուի աշխարհի ամենահարուստ հայուհին:
2004 թուականին Ռաֆայէլեան հիմնած է Alex&Ani ընկերութիւնը, անուանելով զայն իր դուստրերուն պատուին եւ ստանձնելով Ռոտ Այլընտի մէջ գործող հօր ոսկերչական գործարանի զարգացումը: Ան սկսած է կենդանակերպի նշաններով ապարանջաններու արտադրութեան, որ դարձած է անոր ապրանքանիշին հիմնական արտադրութիւնը: 2010 թուականին ընկերութեան եկամուտը կազմած է շուրջ 4.5 միլիոն ամերիկեան տոլար: 2015 թուականին վաճառքի ծաւալները հասած են 500 միլիոն ամերիկեան տոլարի, որուն շնորհիւ 49-ամեայ գործարարը յայտնուած է Forbes-ի ամենայաջողակ գործարար կիներու ցանկին վրայ: