19 ՄԱՅԻՍ-Ի ԱԹԱԹԻՒՐՔԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ, ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ՏՕՆԸ ԱՅՍՕՐ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ԲՈՎԱՆԴԱԿ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր մեծ շուքով կը նշուի Մայիսի 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս առիթ կը դառնայ քաղաքացիական խոր գիտակցութեան թարմացման։ Մեծն Աթաթիւրքի Սամսուն ելքի 104-րդ տարեդարձը առիթ դարձած է, որ ամբողջ երկիրը համակուի տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Պետական աւագանիին կողմէ պատգամներ ալ հրապարակուած են նոյն առթիւ։

Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան, ազգային ազատագրական պայքարին տեսակէտէ անկիւնադարձային իրադարձութիւններու խորհրդանշանն է այս մեծ տօնը, որու կապակցութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ընդգծեց, որ 19 մայիս թուականին աշխարհին հռչակուած է թուրք ազգի դիմադրունակութիւնը։ Նախագահը ընդգծեց, որ նախնիներու սխրանքին եւ համապատասխան հասկացութեան հիման վրայ սկսած է Թուրքիոյ դարու կառուցումը։ Ուստի, պայքարի ոգին, մեծ ու հզօր Թուրքիան կառուցելու եռանդը միշտ կենսունակ եւ արծարծուած կը պահուի։ Սա ի զօրու է բոլոր բնագաւառներու պարագային։ «Մեր երկրի ժողովրդավարութեան եւ բարգաւաճման ոստումները ծրագրաւորելու եւ գործադրելու ժամանակ ամենաշատը կը վստահինք մեր երիտասարդներուն, որոնց հետ կը հպարտանանք՝ իրենց մատուցուած հնարաւորութիւններու լաւագոյնս օգտագործման ականատես դառնալով», նշած է Էրտողան։

Հուսկ, նախագահ Էրտողան պատգամին մէջ շնորհաւորութիւններ յղած է օրուան տօնին առթիւ եւ յարգանքով ոգեկոչած՝ Անկախութեան պատերազմի բոլոր հերոսները՝ գլխաւորութեամբ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի։

Ընդհանուր առմամբ, երկրին մէջ այսօր ալ նկատելի է, որ Թուրքիան կը յառաջանայ դէպի ապագայ եւ պայքար կը մղէ բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը ձգտին արգիլել անոր բարգաւաճումն ու մեծնալը։ Մեծ ու հզօր Թուրքիա մը կառուցելու խանդավառութիւնը միշտ արթուն է։ Այս ճանապարհին ամենակարեւոր հնարաւորութիւնը կ՚ընկալուի երիտասարդութիւնը, որոնք բոլոր բնագաւառներէ ներս կը խրախուսուին եւ անոնց համար հնարաւորութիւններ կ՚ընծայուին։

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2023