ԶԲՕՍԱՇՐՋԱՅԻՆ ՔԱՐՏԷՍ

Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է մայ­րա­քա­ղա­քի 2015 թուա­կա­նի զբօ­սաշր­ջա­յին քար­տէ­սը:

Քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի աշ­խա­տա­կազ­մի Մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան վար­չու­թեան զբօ­սաշր­ջու­թեան բաժ­նի ղե­կա­վար Մա­րիա Բա­րա­ղա­մեան ը­սած է, որ ռու­սե­րէն եւ անգ­լե­րէն տար­բե­րա­կով տպագրուած քար­տէ­սը կը ներ­կա­յաց­նէ մայ­րա­քա­ղա­քի կեդ­րո­նի զբօսաշրջա­յին հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող վայ­րե­րը եւ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը:

«Քար­տէ­սը տպագ­րուած է քսան հա­զար օ­րի­նա­կով: Ա­նի­կա անվ­ճար պի­տի բաժ­նուի օ­դա­կա­յա­նին, զբօ­սաշր­ջա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն, հիւ­րա­նոց­նե­րուն եւ սպա­սարկ­ման տար­բեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն», ը­սած է Մա­րիա Բա­րա­ղա­մեան:

Ե­րե­ւա­նի պատ­մու­թեան ծա­նօ­թա­նա­լու, տե­սար­ժան վայ­րե­րը կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ տես­նե­լու հա­մար զբօ­սաշրջիկ­նե­րուն ա­ռանձ­նա­պէս կ՚ա­ռա­ջար­կուի նաեւ այ­ցե­լու­թեան տաս­ներ­կու վայր՝ Է­րե­բու­նի պատ­մահ­նա­գի­տա­կան ար­գե­լոց-թան­գա­րան, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քի պատ­մու­թեան թան­գա­րան, Մա­տե­նա­դա­րան, Վեր­նի­սաժ, «Ե­րե­ւան սի­թի թուր» զբօ­սաշր­ջա­յին եր­թու­ղին, զբօ­սանք Կաս­կա­տի վրայ, Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տայ:

Քար­տէ­սին մէջ նշուած են նաեւ Ե­րե­ւա­նի մեթ­րո­փո­լի­թէ­նի կա­յա­րան­նե­րը, կեդ­րո­նի հե­ծա­նուա­յին կան­գառ­նե­րը: Ա­ռան­ձին՝ օգ­տա­կար տե­ղե­կա­տուու­թիւն սիւ­նա­կով ներ­կա­յա­ցուած են շտապ բու­ժօգ­նու­թեան, ոս­տի­կա­նու­թեան եւ այլ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու հե­ռա­խօ­սա­հա­մար­նե­րը, կայ­քե­րը:

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015