ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րու տա­ռա­պանք­նե­րը լու­սար­ձա­կի տակ պա­հե­լու կոչ մը հնչեց Վա­տի­կա­նէն, Ա­րե­ւե­լեան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու օգ­նու­թեան հաս­նե­լուն նպա­տա­կով կազ­մա­կեր­պուած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին։ Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը յայ­տա­րա­րեց, թէ ո­մանց հա­մար հա­զա­րա­ւոր մար­դոց կեան­քե­րէն ա­ւե­լի կա­րե­ւոր դար­ձած է զէնքն ու ու­ժա­նիւ­թը։ Ան ան­գամ մը եւս ընդգ­ծած է, թէ յոյս վրդո­վե­ցու­ցիչ է վար­քա­գի­ծը այն մար­դոց, ո­րոնք խա­ղա­ղու­թիւն եւ ար­դա­րու­թիւն կը քա­րո­զեն, սա­կայն ի­րա­կա­նու­թեան մէջ մահ կը սփռեն։ Պա­պը խնդրած է բա­րե­րար­նե­րէն, որ­պէս­զի յատ­կա­պէս օգ­նեն Ե­թով­պիոյ եւ Է­րիթ­րէա­յի քրիս­տո­նեա­նե­րուն, չմոռ­նա­լով նաեւ քրիս­տո­նէու­թեան օր­րան հան­դի­սա­ցող Հա­յաս­տա­նը։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015