ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵՆԷՆ ԱՆԴԻՆ

Դէպի Փեքին պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն վերջին օրերուն հանդիպումներ ունեցաւ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինի, արտաքին գործոց նախարար Քին Կանկի եւ երկրի աւագ դիւանագէտին՝ Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու կեդրոնական յանձնաժողովի գրասենեակի տնօրէն Վանկ Եիի հետ։ 5 տարի վերջ ԱՄՆ-էն արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով այցելութիւն կը տրուի Չինաստան։ Սա ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի պաշտօնավարութեան շրջանին առաջին այցելութիւնն է արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով։ Վերջին անգամ, նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի շրջանին, այդ ժամանակուան պետական քարտուղարը՝ Մայք Փոմփէօ այցելած էր Փեքին։ Անցեալ տարուան նոյեմբերին, Պայտըն եւ Ծինփինկ հանդիպում մը ունեցած էին Մեծն քսանեակի գագաթաժողովի շրջանակներուն մէջ։ Անոնք որոշած էին արտաքին գործոց նախարարներու այցելութիւններու կազմակերպումը։ Թէեւ Պլինքընի Փեքին այցը նախատեսուած էր անցեալ փետրուարին, սակայն ԱՄՆ-ի օդային մարզէն ներս չինական հետախուզական օդապարրիկի յայտնուելով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ ծրագիրը ենթարկուած էր փոփոխութեան։ Ուրեմն, ներկայիս արդէն տեղի ունեցաւ այս յետաձգեալ այցելութիւնը՝ միջազգային վառ հետաքրքրութեան պայմաններուն ներքեւ։

ԱՄՆ-Չինաստան յարաբերութիւնները առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն արդէն բազմաբեւեռ դարձած աշխարհին մէջ։ Ուաշինկթըն-Փեքին առանցքը բաւական նուրբ բնոյթ մը ստացած է նաեւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին բերումով։ ԱՄՆ կը ջանայ այնպիսի հաւասարակշռութիւն մը պահել, որ Չինաստան չափէն աւելի չսահի դէպի Ռուսաստան։ Միջազգային դիտորդները մատնանշեցին, որ Պլինքընի այցելութիւնը տեղի ունեցած է այնպիսի ժամանակաշջրանի մը մէջ, երբ կողմերու միջեւ փոխադարձ վստահութիւնը ակնյայտ է, աւելին, անոնց միջեւ տնտեսական ու ռազմավարական մրցակցութիւնը կ՚աճի եւ առկայ խնդիրներն ու լարուածութիւնները կը մնան անլոյծ։ Ուստի, Պլինքընի վարած բանակցութիւններուն հիմնական նպատակը եղած է Ուաշինկթըն-Փեքին յարաբերութիւններուն մէջ նախ լարուածութիւնը նուազեցնել, ապա ապահովել բնականոնացումը։

Էնթընի Պլինքըն համոզուած է, թէ ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի միջեւ աւելի լաւ հաղորդակցութեան միջոցներու ստեղծուիլը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։ Հաղորդակցութիւնը որքան կարելի ըլլայ բաց պահել, ապա այնքան դիւրին պիտի ըլլայ խուսափիլ թիւրիմացութիւններէն։ «Մենք կ՚ուզենք վստահ ըլլալ, թէ հակամարտութեան պիտի չվերածուին այն թիւրիմացութիւնները, որոնք կը յառաջանան Չինաստանի հետ մրցակցութեան պայմաններուն ներքեւ եւ որոնցմէ խուսափիլը հնարաւոր է», ըսաւ Էնթընի Պլինքըն։

Ըստ միջազգային աղբիւրներու կողմէ հրապարակուած մանրամասնութիւններուն, Պլինքըն եւ Կանկ անկեղծ բանակցութիւններ վարեցին Թայուանի, առեւտուրի եւ այլ հարցերու վերաբերեալ իրենց տարակարծութիւններուն շուրջ։ Անոնք պայմանաւորուեցան բանակցութիւնները շարունակել Ուաշինկթընի մէջ։ Փեքինի շաբաթավերջի բանակցութիւնները տեւեցին շուրջ հինգուկէս ժամ։ Երկարատեւ հանդիպման հետեւեցաւ նաեւ պաշտօնական ընթրիք մը։ Կողմերը ընդգծեցին, որ կայուն եւ կանխատեսելի յարաբերութիւններ հաստատել կը փափաքին իրարու հետ։ Յամենայնդէպս, չինական կողմը յստակ շեշտեց, որ Թայուանը կը համարէ ամենակարեւոր խնդիրն ու ամենամեծ ռիսքը։ Արդարեւ, Կանկի խօսքով՝ Թայուանի հարցը Չինաստանի հիմնական շահերու առանցքն է եւ ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններու ամենակարեւոր խնդիրը կը հանդիսանայ։ Բանակցութիւններուն յաջորդած յայտարարութիւններէն կարելի է հետեւցնել, որ կողմերը համաձայնութեան չեն հասած այս մասին եւ համապատասխան խօսակցութիւնները պիտի շարունակուին Ուաշինկթընի մէջ՝ Կանկի յառաջիկայ այցելութեան ընթացքին։ Այս փուլին կողմերը ընդգծեցին իրենց քաղաքացիներուն համար այցելութիւնները դիւրացնելու կարեւորութիւնը։ Անոնք համաձայնեցան քննարկել ուղեւորատար թռիչքներու աւերացումը եւ աւելի շատ ուսանողներ կամ գործարարներ ընդունիլը։

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2023