ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐ
Ռուսական լրատուամիջոցները սուր կերպով ընդգծեցին ամերիկեան միջամտութեան իրողութիւնը: Ըստ անոնց, Մոսկուա մտահոգ է, որ Ուաշինկթըն կը փորձէ միջնորդական ծառայութիւններ պարտադրել Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան գործընթացին, նոյնիսկ սպառնալիքի միջոցով: Այս տեղեկատուութեան հրապարակման մէջ յղում կատարուած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կապուած աղբիւրներու:
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը անդրադարձած է հարցին՝ ընդգծելով, թէ առաջին անգամն է, որ միջնորդի դեր ստանձնած կողմ մը կը սպառնայ հակամարտ կողմին: Ան աւելցուցած է, որ Ուաշինկթըն պարտաւոր է մեկնաբանել այս տեղեկութիւնը:
Յայտնապէս ճնշումը կամ սպառնալիքը Արցախի կողմին ուղղուած է: Աւելի՛ն, ըստ լրատուամիջոցին, եթէ Արցախի ներկայացուցիչները մերժեն հանդիպիլ Պաքուի ղեկավարներուն հետ, ապա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը սպառնայ դիմել հակաահաբեկչական գործողութիւններու:
Երեւոյթը լրատուամիջոցի մը սովորական մեկնաբանական հաղորդման չի վերաբերիր: Նոյն նիւթին մէջ կ՚ըսուի, որ լրատուամիջոցը յղում կատարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներուն: Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ ո՛չ միայն հերքում չկայ, այլեւ բացատրութիւն պահանջուած է ԱՄՆ-էն:
Ուշագրաւ է, որ արծարծուած ամերիկեան սպառնալիքը կամ ճնշումը ուղղուած է Արցախին: Սա կ՚ենթադրէ, որ Պաքու խնդիր չունի Ստեփանակերտի հետ հանդիպելու: Եթէ խնդիր չունի, ուրեմն Ատրպէյճանի ճշդած օրակարգով կը պայմանաւորուի հանդիպումը: Պաքու կը շարունակէ յանկերգել, որ միակ օրակարգը Ստեփանակերտի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելու՝ պիտի ըլլայ համարկում:
Ստեփանակերտ պաշտօնապէս չէ մեկնաբանած տեղեկութիւնը: Չմեկնաբանելը չհերքել է, աւելի քան չհաստատել այս պարագային: Ուաշինկթընէն տակաւին չկայ արձագանգ կամ հերքում հրապարակուածին մասին: Կ՚ենթադրուի, որ ըլլայ անպայման:
Պէտք է մտաբերել Ուաշինկթընի հանդիպման յետաձգումը՝ Պաքուի առաջարկով: Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչները յետաձգումի որոշումին ցոյց տուին թեքնիք, ոչ-էական պատճառներ:
Այս բոլորին քաղաքական ընթերցումները մտածել կու տան այլ շարժառիթներու մասին: Ուաշինկթընի հիմնական նպատակը ո՛չ Արցախի կարգավիճակն է, ո՛չ անվտանգութիւնը, ո՛չ ալ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները: Հետապնդուածը միջնոդութեան գործընթացի ղեկավարման ստանձնումն է: Ստեփանակերտ-Պաքու ձեւաչափը նման պայմաններով Ստեփանակերտի բանակցային կողմի հանգամանքի ապահովման հետ կապ չունի: Ատրպէյճանի բացարձակ պայմանը յստակ է այս առումով. կը բանակցի՝ բացառապէս համարկումի օրակարգով:
Ամերիկեան միջնորդութիւնը ռուսական միջնորդութեան չէզոքացումը կ՚ենթադրէ: Սպառնալիքը, որուն կ՚ակնարկուի հրապարկումին մէջ, շատ հեռուները կ՚երթայ՝ «հակաահաբեկչական գործողութիւններ խոստանալով»:
Չի բացառուիր, որ նման նիւթի հրապարակումը Մոսկուայի պատուէրը եղած ըլլայ: Բայց երբ չեն հերքուիր պաշտօնական յայտարարութիւնները, հաւաստիութիւնը տեղ կը շահի: Պարզ է, որ Մոսկուայի առաջին շահագրգռութիւնը միջնորդի հանգամանքը պահելն է եւ խաղաղապահ ուժերը այնտեղ տեղակայելը: Այս բոլորին համար Մոսկուա կը շարունակէ յենուլ եռակողմանի համաձայնութիւններուն վրայ: Սակայն Պաքու հիմնովին կը խախտէ այդ համաձայնութիւնները եւ այս հրապարակումին ճամբով պարզ կը դարձնէ, որ ամերիկեան պահանջներուն ընդառաջած է. փաստօրէն ճնշումն ու սպառնալիքը ուղղուած են Ստեփանակերտին:
Քաղաքական այս նախադրեալներով ալ կը բացատրուի միջազգային երաշխիքներով Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան ձեռնարկումի առաջադրանքը, որ Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի շրջանակներէն կը շարունակէ հնչել:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի