ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան երէկ Պերլինի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի հետ։ Հարկ է նշել, որ Պերլինի Յատուկ ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան մասնակցելու նպատակով Վահագն Խաչատուրեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Գերմանիա եւ այս շրջանակին մէջ տեղի ունեցաւ երկու նախագահներուն զրոյցը։
Խաչատուրեան եւ Շթայնմայէր քննարկեցին Հայաստան-Գերմանիա բազմաշերտ համագործակցութեան ոլորտներուն եւ հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ միջազգային զանազան հարթակներու վրայ Երեւանի եւ Պերլինի արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Վահագն Խաչատուրեան ընդգծեց, որ Հայաստան հաստատակամ է տարածաշրջանէն ներս կայուն եւ յարատեւ խաղաղութեան հասնելու ուղղեալ իր դիրքորոշման մէջ։ Հայկական կողմը պատրաստ է առանց նախապայմաններու բարիդրացիական ու կարգաւորուած յարաբերութիւններ հաստատել հարեւաններուն հետ։
Իր կարգին, Շթայնմայէր նշեց, որ Եւրոպայի տեսակէտէ գնահատելի են այն ջանքերը, որոնք Հայաստանի կողմէ կը գործադրուին խաղաղութեան հասնելու համար։ Ան մասնաւորապէս կարգաւորեց Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը, ինչ որ էական քայլ մըն է յարաբերութիւններու ապագայ կարգաւորման գործընթացին տեսակէտէ։
Նախագահները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութեան ներկայ փուլին շուրջ։ Ըստ Խաչատուրեանի, Հայաստան լիովին պատրաստ է առանց նախապայմաններու ընթանալ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ։ Շթայնմայէր ընդգծեց, որ Գերմանիա կ՚աջակցի Հայաստանի ջանքերուն՝ ուղղուած հարեւաններու հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններ ունենալու։ Իր խօսքով՝ Պերլին հետաքրքրուած է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն ներս կայուն խաղաղութեան հաստատմամբ եւ իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ ջանքեր պիտի գործադրէ տարածաշրջանէն ներս յարատեւ կայունութեան հաստատման նպաստելու ուղղութեամբ։