ԼԱՒԱՏԵՍ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Վիեննայի մէջ յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ լաւատես սպասումները կը շարունակուին։ Ներկայիս, Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ կան քանի մը նախագծեր, որոնք եւս քննարկման առարկայ են։

Դէպի Վիեննա աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս Արարատ Միրզոյեան երէկ հիւրընկալուեցաւ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկի կողմէ։ Բանակցութիւններու աւարտին նախարարները հանդէս եկան համատեղ մամլոյ ասուլիսով։ Այս փուլին լրագրող մը Արարատ Միրզոյեանին ուղղեց հետեւեալ հարցումը. «Պարոն Շալենպերկը առաջարկած է Վիեննան՝ որպէս Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններու հարթակ։ Ի՞նչ է ձեր պատասխանը, արդեօք դուք կը դիտարկէ՞ք այս բանը»։ Ի պատասխան, Արարատ Միրզոյեան յայտարարած է հետեւեալը. «Անգամ մը եւս երախտագիտութիւն կը յայտնեմ իմ լաւ պաշտօնակցին՝ Վիեննան՝ որպէս հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի հարթակ առաջարկած ըլլալու համար։ Գիտէք, որ քանի մը անգամ մեր ներկայացուցիչները արդէն հանդիպած են Վիեննայի մէջ եւ հնարաւորութիւն ունեցած են քննարկել կարգաւորման հարցերը ու կը յուսամ՝ սա կ՚ըլլայ շարունակական։ Կը փափաքէի աւելցնել, որ մենք այս գործընթացին մէջ որոշ դադար մը ունեցանք, ինչ որ, կը կարծեմ՝ պայմանաւորուած էր Թուրքիոյ նախընտրական քարոզարշաւով եւ ընտրութիւններով։ Հիմա ժամանակն է շարունակել կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները»։

Ի շարունակութիւն, իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան նախարար Միրզոյեան յայտնած է նաեւ հետեւեալը. «Եւ գոյութիւն ունին շատ քայլեր, զորս արդէն կրնան իրականացնել երկու կողմերը, վստահ ըլլալու համար, որ մենք ճիշդ ուղիի վրայ ենք դէպի յարաբերութիւններու վերջնական, համապարփակ եւ ամբողջական կարգաւորում»։ Այս կէտին վրայ Միրզոյեան կանգ առաւ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման վրայ։ «Այս պարագային, ես, ի հարկէ, առաջին հերթին նկատի ունիմ հայ-թրքական սահմանի բացումը երրորդ երկիրներու, նաեւ Հայաստանի կամ Թուրքիոյ՝ դիւանագիտական անցագրի տէր քաղաքացիներուն համար։ Կան այլ քանի մը նախագծեր, որոնք եւս կը քննարկուին», յայտնեց Միրզոյեան։

Այս բոլորէն վերջ Արարատ Միրզոյեան պատասխանեց նաեւ այն հարցումին, թէ այս պահուն բանակցութիւններ նախատեսուա՞ծ են։ «Այս պահուն համաձայնեցուած ամսաթիւ մը չկայ», դիտել տուաւ նախարարը Վիեննայի մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 19, 2023