ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ ՍՈՒՐ ՀԱՐՑԵՐ
Մինչ Արցախի ամբողջական պաշարումը կը շարունակուի՝ մարդասիրական ծանր աղէտի մը դուռ բանալով, Ռուսաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ այս շրջանին յառաջացած են սուր հարցեր։ Ըստ «Քոմերսանթ»ին, ներկայիս Մոսկուա-Պաքու յարաբերութիւններուն մէջ առկայ է վերջին տասնամեակներու ամենալուրջ տագնապը, ինչ որ Հարաւային Կովկասը հասցուցած է հաւանական ողբերգական իրադարձութիւններու շեմին։ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի դիւանագիտական հարթութեան վրայ վերջին շփումները որպէս ապացոյց յառաջ քշուած են այս դիտարկման համար։ Պաքուէն Մոսկուային հասցէագրուած վերջին քննադատութիւններու լոյսին տակ՝ լրատուամիջոցի յօդուածին մէջ ընդգծուած է, որ Ատրպէյճան ուղղակիօրէն Ռուսաստանը կը մեղադրէ՝ 44-օրեայ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնները կատարելու անկարողութեան ու չկամութեան համար։
Ատրպէյճան երկար ժամանակէ ի վեր յամառօրէն կը պահանջէ Արցախէն հայկական զօրքերու դուրս բերուիլը, ինչ որ գործնականօրէն կը նշանակէ Պաշտպանութեան բանակի լուծարումը։ «Քոմերսանթ»ի յօդուածին մէջ մեկնաբանութիւնը այն է, որ Պաքու այլեւս Լեռնային Ղարաբաղի ռուս խաղաղապահները չի համարեր չէզոք։ Սա կը նշանակէ՝ չի բացառուիր, որ ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը Ատրպէյճանի բանակը չխանգարէ՝ Ստեփանակերտն ու շրջակայ տարածքները մաքրել զինեալ կազմաւորումներու մնացորդացէն։ «Պաքուն յոյսը կը դնէ այն բանին վրայ, թէ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան ներքեւ Հայաստան չի միջամտեր։ Ի՞նչ կը վերաբերի Արեւմուտքին, ապա ան այսօր եւս պատրաստ չէ հանդէս գալ ի պաշտպանութիւն Ղարաբաղի հայերուն։ Միակ բանը, որ տեսականօրէն կրնայ զսպել Ատրպէյճանի ռազմատենչ եռանդը՝ տնտեսական պատժամիջոցներու սպառնալիքն է, առաջին հերթին նաւթի ու կազի վերաբերեալ։ Բայց Արեւմուտքը չի կրնար ինքզինքին այդ բանը թոյլ տալ։ Արդարեւ, անոր հիմնական հակառակորդը Ռուսաստանն է։ Ատրպէյճանի ուժանիւթակիրները Արեւմուտքի կողմէ կը դիտարկուին՝ միայն որպէս ռուսականներուն այլընտրանքը։ Պաքուի մէջ առանձնապէս չեն վախնար Քրեմլինի արձագանգէն։ Անոնք, ըստ էութեան, կը կարծեն, թէ Ռուսաստան չափազանց խոր ճահիճի մէջ է Ուքրայնայէ ներս եւ ո՛չ ուժ ունի, ո՛չ կարողութիւն, ո՛չ ալ ցանկութիւն՝ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր ճակատ մը բանալու», նշուած է վերլուծականին մէջ։