ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ եւ Պաշտպանութեան առաջին փոխ-նախարար զօրավար Էտուարտ Ասըրեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերջին օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթըն, ուր մասնակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ազգային զօրախումբի նահանգային համագործակցութեան ծրագրի երեսնամեակի յոբելենական համաժողովին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զօրավար Ասըրեան ամերիկեան կողմէն բարձրաստիճան զինուորական պաշտօնակիցներու հետ հանդիպելու առընթեր, տեսակցած է նաեւ՝ յիշեալ համաժողովին մասնակից այլ երկիրներէ պաշտօնակիցներուն հետ։
Ասըրեան Ուաշինկթընի մէջ մէկտեղուած է ԱՄՆ-ի զինեալ ուժերու ընդհանուր սպայակոյտերու փոխ-նախագահ ծովակալ Քրիստոֆըր Կրետիի եւ ԱՄՆ-ի ռազմաօդային ուժերու սպայակոյտի պետ զօրավար Չարլզ Պրաունի հետ։ Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցան հայ-ամերիկեան պաշտպանական գործընկերութեան ապագայ ծրագրերուն եւ համատեղ նախատեսուած միջոցառումներուն վերաբերեալ հարցեր։