ՎԻԹԽԱՐԻ ՆԱԽԱԳԾԵՐ
Դէպի Արաբական ծոցի երկիրները ձեռնարկած ուղեւորութեան ծիրէն ներս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Սէուտական Արաբիայէն անցաւ Քաթար։ Մայրաքաղաք Տոհայի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ Քաթարի էմիր Թամիմ պին Համատ էլ Սանիի կողմէ։ Ծանօթ է, որ Էրտողանի այցելութիւններու շարքին վերջին կանգառը կը հանդիսանայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները։ Էրտողանի այս ուղեւորութեան ընթացքին կը քննարկուին առեւտրատնտեսական ու ելմտական առումով վիթխարի նախագծեր։ Թէ՛ Քաթարի եւ թէ շրջագայութեան շրջագծին մէջ ներգրաւուած միւս երկիրներու հետ Թուրքիոյ համագործակցութիւնը կը խորանայ՝ տարածաշրջանի նոր իրադրութեան պայմաններուն համահունչ։
Տեղական մամուլը կը գրէ, որ թէ՛ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանին եւ թէ Քաթարի Էմիր էլ Սանիին Էրտողան նուիրած է թրքական արտադրութեան ինքնաշարժներ։ Այցելութիւններու ընթացքին կը ստորագրուին բազմաթիւ համաձայնագրեր։ Այս ամբողջին մէջ միջազգային լրատուամիջոցներն ալ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուցած են, որ Թուրքիա յառաջիկայ շրջանին ռազմական անօդաչու թռչող սարքեր պիտի արտածէ Սէուտական Արաբիոյ։