ՄԱՐՏԱՎԱՐԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐ

Երէկ, Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովը։ Անգլիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած, իր տեսակին մէջ չորրորդ այս հաւաքոյթը մարտավարական խաղերու թատերաբեմը հանդիսացաւ՝ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Թէեւ անոնք հաշտութեան որոնումներու մէջ են, սակայն, Լոնտոնի գագաթաժողովին այդ ջանքերը շարունակութիւն մը չունեցան՝ հակառակ, որ թէ՛ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ներկայ էին միջազգային հաւաքոյթին։ Երեւան եւ Պաքու իրերամերժ պնդումներ յառաջ քշեցին՝ ղեկավարներու հանդիպման վիժեցման շուրջ։ Հայկական լրահոսին մէջ աչքի կը զարնեն մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման տապալումը ուղիղ համեմատութեան մէջ է կողմերու միջեւ կանոնակարգերու շուրջ համաձայնութեան ձախողման։

Լոնտոնի երէկուան գագաթաժողովին ընթացքին Փաշինեան եւ Ալիեւ բազմաթիւ երկկողմանի շփումներ ունեցան։ Փաշինեան ելոյթ մըն ալ ունեցաւ՝ փակ ձեւաչափով կազմակերպուած «Պաշտպանելով եւ ապահովելով ժողովրդավարութիւնը» խորագրեալ կլոր սեղանին ժամանակ։ Փաշինեանի եւ Ալիեւի երկկողմանի հանդիպումներու մեծամասնութիւնը գրեթէ նոյն դէմքերու հետ էր։ Հիւրընկալ Անգլիոյ վարչապետին՝ Քիըր Սթարմըրի առընթեր, գագաթաժողովի կազմակերպուած Պլենհայմի պատմական պալատի համալիրէն ներս Նիկոլ Փաշինեան զրուցեց Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ՝ միշտ քննարկելով Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացն ու Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման հեռանկարները։ Բաց աստի, Հայաստանի վարչապետը տեսակցեցաւ Սպանիոյ, Զուիցերիոյ, Յունաստանի, Լիւքսեմպուրկի, Հոլանտայի, Ֆինլանտիոյ, Չեխիոյ, Լիթվայի, Էսթոնիայի եւ Քոսովայի ղեկավարներուն հետ։ Վարչապետին առընթեր, իրեն ընկերակից Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ երկկողմանի շփումներ ունեցաւ Լոնտոնի մէջ։

Իր կարգին, Ալիեւ եւս տեսակցեցաւ Շոլցի հետ ու այս փուլին եւս կրկնեց, որ խաղաղութեան համար անհրաժեշտ է Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը։

Լոնտոնի երէկուան գագաթաժողովին ընթացքին Էմմանիւէլ Մաքրոնն ալ ուշագրաւ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ։ Ան նշեց, որ Նիկոլ Փաշինեանէն երբեք չէ լսած պատերազմի կամ բռնութեան վերաբերեալ որեւէ մտադրութիւն։ Անդրադառնալով Հայաստան-Ֆրանսա ռազմական համագործակցութեան՝ Մաքրոն ըսաւ. «Միանգամայն բնականոն է, որ դաշնակիցները զիրար զինեն՝ ինքնիշխան տարածքը պաշտպանելու համար։ Բնականոն է արձագանգել դիմումին ինքնիշխան երկրի մը, որ կը նախազգայ, թէ ուրիշ երկիր մը կրնայ իր վրայ յարձակիլ եւ սպառազինութեան կարիք ունի»։ Ան մատնանշեց, որ վերջին տասնամեակին Ատրպէյճան շատ աւելի զինուած է Հայաստանի բաղդատմամբ եւ 2020-ին սարսափելի պատերազմի մը սկսած է։

Մաքրոնի այս յայտարարութիւնները անմիջապէս արձագանգ գտան Պաքուէն, որ վերջին շրջանին լուրջ լարուածութիւն մը կ՚ապրի Փարիզի հետ։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ֆրանսայի քայլերը խաղաղութեան չեն ծառայեր ու որեւէ արդիւնք չեն կրնար ապահովել։

Միւս կողմէ, Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմն ալ հերթական անդրադարձը ունեցաւ Լոնտոնի հաւաքոյթին վրայ։ Գագաթաժողովին մասնակից Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելեսքի քննադատեց ԵՄ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը, որ վերջերս Մոսկուա այցելելով տեսակցած էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2024