ԱՐԱԳԱԾ ԱԽՈՅԵԱՆԻ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՊՆԴՈՒՄԸ

Վեր­ջերս Հա­յաս­տա­նի մէջ մկրտուե­լու դի­մում ներ­կա­յա­ցու­ցած, սա­կայն մեր­ժուած Էր­տալ Մեր­ճան Թուր­քիա վե­րա­դառ­նա­լէ վերջ փո­խած է իր անձ­նա­գի­րը ու դար­ձած՝ քրիս­տո­նեայ։ «news.am» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, Տիար­պա­գը­րէն Հա­յաս­տան մեկ­նած իս­լամ դա­ւա­նան­քէ Էր­տալ Մեր­ճան Թուր­քիա վե­րա­դար­ձին փո­խած է իր անձ­նա­գի­րը։ Կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րուն մէջ նշուած է, որ ան դար­ձած է հայ քրիս­տո­նեայ եւ այժմ ա­ւե­լի մօտ է Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մկրտուե­լու իր ե­րա­զան­քին։ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ե­րես­փո­խան­նե­րէն Ա­րա­գած Ա­խո­յեան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ «Ա­րեւմ­տա­հա­յոց ազ­գա­յին հա­մա­գու­մար» մի­ջազ­գա­յին հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան լիա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցիչն է, յայտ­նած է՝ որ են­թա­կան փո­խած է նաեւ իր ա­նու­նը ու դար­ձած՝ Փա­րա­մազ։

Պատ­գա­մա­ւո­րի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ կայ­քէ­ջին մօտ լոյս գտած տուեալ­նե­րը, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, հա­կա­սու­թեան մէջ են նոյն լրատուու­թեան կցուած են­թա­կա­յի նոր անձ­նագ­րի տուեալ­նե­րուն հետ։ Նա՛խ նոր անձ­նագ­րին մէջ Էր­տալ Մեր­ճա­նի ա­նու­նը կը մնայ ան­փո­փոխ, այ­սինքն չէ ար­ձա­նագ­րուած կամ չէ փո­խուած որ­պէս Փա­րա­մազ։ Յե­տո՛յ, Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն տրուած անձ­նագ­րե­րուն մէջ չի նշուիր ա­նոնց ազ­գու­թիւ­նը, այլ կ՚ար­ձա­նագրուի միայն կրօ­նը կամ դա­ւա­նան­քը։ Էր­տալ Մեր­ճա­նի անձ­նագ­րին վրայ նշուած է, թէ ան քրիս­տո­նեայ է։ Այս կէ­տին վրայ ալ ե­րես­փո­խան Ա­րա­գած Ա­խո­յեա­նի փո­խան­ցած­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն կան խնդրա­յա­րոյց հան­գա­մանք­ներ։ Ար­դա­րեւ, ե­թէ Էր­տալ Մեր­ճա­նի անձ­նագ­րին վրայ նշուած է, թէ ան քրիս­տո­նեայ է, ու­րեմն ան պէտք է մկրտուած ըլ­լայ եւ այդ հի­ման վրայ ի­րա­կա­նա­ցուած՝ իր դա­ւա­նան­քի փո­փո­խու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը։ Ե­թէ են­թա­կան մկրտուե­լով փո­խած է իր անձ­նա­գի­րը՝ այդ պա­րա­գա­յին ան ինչ­պէ՞ս կրնայ «ա­ւե­լի մօտ ըլ­լալ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մկրտուե­լու իր ե­րա­զան­քին», ինչ­պէս որ պնդած է Ա­խո­յեան։ Իսկ ե­թէ այդ փո­փո­խու­թիւ­նը ա­ռանց մկրտուե­լու կա­տա­րուած է՝ այդ ալ ու­րիշ վի­ճե­լի ե­րե­ւոյթ մը կրնայ հա­մա­րուիլ։

Ա­րա­գած Ա­խո­յեա­նի խօս­քով՝ Էր­տալ Մեր­ճան այժմ ու­նի այն փաս­տա­թուղ­թը, որ իր­մէ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ պա­հան­ջուած էր մկրտուե­լու հա­մար եւ կը պատ­րաս­տուի շու­տով օրհ­նու­թիւն ստա­նալ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն մէ­կուն մէջ։

Ա­րա­գած Ա­խո­յեան կայ­քէ­ջին յայ­տա­րա­րած է, թէ Մեր­ճա­նի նոր անձ­նագ­րին վրայ նշուած է, թէ ան հայ քրիս­տո­նեայ է։ Լրա­տուու­թեան կցուած անձ­նագ­րի պատ­ճէ­նը ար­դէն ինք­նին կը հեր­քէ այդ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ Թուր­քիոյ մէջ անձ­նագ­րե­րու վրայ չի նշուիր ազ­գու­թիւ­նը, հե­տե­ւա­բար բա­ցա­ռուած է այդ­պի­սի փաս­տա­թուղ­թի մը գո­յու­թիւն ու­նե­նա­լը։

Ի լրումն այս բո­լո­րին, Ա­րա­գած Ա­խո­յեան ը­սած է հե­տե­ւեա­լը. «Սա բա­ցա­ռիկ հա­մար­ձա­կու­թիւն է, ո­րով­հե­տեւ Թուր­քիոյ մէջ ապ­րող ոե­ւէ մէ­կը, որ ինք­զինք թուրք չի կո­չեր, գլխուն վրայ մեծ վտանգ մը կա­խուած է»։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ «բա­ցա­ռիկ հա­մար­ձա­կու­թիւն» կը հա­մա­րուին Ա­րա­գած Ա­խո­յեա­նի այս պնդում­նե­րը։ Ար­դա­րեւ, այդ­պի­սի ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ինք­զին­քին թոյլ տա­լով ան ստուե­րի տակ կը թո­ղու իր պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը՝ որ­պէս ե­րես­փո­խան։ Ար­դա­րեւ, աշ­խար­հի վրայ ո­րե­ւէ երկ­րի պատ­գա­մա­ւոր ու­րիշ երկ­րի մը ներ­քին հար­ցե­րուն շուրջ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ չ՚ը­ներ, շրջան­ցե­լով իր պե­տու­թեան դի­ւա­նա­գի­տա­կան մար­մին­նե­րը։ Մնաց որ, ըն­դու­նուած ե­րե­ւոյթ մը չէ ե­րես­փո­խան­նե­րու կող­մէ ու­րիշ եր­կիր­նե­րու ներ­քին խնդիր­նե­րուն շուրջ նման ծայ­րա­յեղ խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուն կա­տա­րուի­լը կամ հա­կա­սա­կան դի­տար­կում­նե­րու բարձ­րա­ձայ­նուի­լը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2015