ՄԻՋԱՆԿԵԱԼ ՇՐՋԱՆ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ըն­դու­նեց ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ու վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուն, ո­րուն յանձ­նած էր նոր նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դը ձե­ւա­ւո­րե­լու պաշ­տօ­նը։ Այս առ­թիւ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու Էր­տո­ղա­նին վե­րա­դար­ձուց այդ պաշ­տօ­նը։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Յու­նիս 7-ի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն յա­ջոր­դած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րով նոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ձե­ւա­ւո­րե­լու գոր­ծըն­թա­ցը պի­տի վեր­ջա­նայ այս շա­բա­թա­վեր­ջին՝ ներ­կայ պայ­ման­նե­րով յայտ­նի է, թէ եր­կի­րը մի­ջան­կեալ շրջա­նէ մը պի­տի անց­նի։

Էր­տո­ղան ե­րէկ յայտ­նեց, թէ ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուն կրնայ պաշ­տօ­նի չկո­չել եւ Թուր­քիա կրնայ ընտ­րու­թեան եր­թալ եր­կու ամսուան ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նով մը։ Այդ ժա­մա­նա­կա­ւոր նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դին մաս­նակ­ցե­լու կողմ­նա­կից չէ ՄՀՓ-ն։ ՃՀՓ տա­կա­ւին ո­րո­շում մը չէ տուած, իսկ ՀՏՓ տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ պի­տի մաս­նակ­ցի։ Ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րուն ո­րո­շու­մը կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ, ո­րով­հե­տեւ ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ խորհր­դա­րա­նի բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը կրնան ներ­կա­յա­նալ՝ խորհր­դա­րա­նի ի­րենց ա­թոռ­նե­րու հա­մե­մա­տու­թեամբ։

Մինչ այդ, Բարձ­րա­գոյն ընտ­րա­կան խոր­հուրդն ալ ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, թէ նոր ընտ­րու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ ինն­սուն օ­րուան ժամ­կէ­տը կա­րե­լի է կրճա­տել։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ ընտ­րու­թեան հա­մար հա­ւա­նա­կան թուա­կա­նը կը հա­մա­րուին Նո­յեմ­բե­րի 1-ը կամ 8-ը։

Միւս կող­մէ, ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Կեդ­րո­նա­կան գոր­ծա­դիր խոր­հուր­դը ե­րէկ ո­րո­շեց կու­սակ­ցու­թեան հա­մա­գու­մա­րը կազ­մա­կեր­պել յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րի 12-ին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2015