Պոսթընի Մէջ Հայ Խոհարարը ՀՌՉԱԿՈՒԱԾ Է «խոհանոցի Արքայ»
Պոսթընի մէջ գրեթէ բոլորը գիտեն՝ եթէ տան մէջ խրախճանք կազմակերպեն եւ ուզեն հիւրերը զարմացնել տնական համեղ ուտեստներով, ապա պէտք է դիմեն ամերիկահայ Նաթան Կիբարեանին: Զինք անուանած են «խոհանոցի արքայ» եւ կը զարմանան, թէ ինչպէս ան կրնայ ամենապարզ մթերքէն իւրայատուկ ճաշատեսակներ պատրաստել:
23-ամեայ Նաթանի մանկութիւնը անցած է խոհանոցի մէջ, ան հետեւած է, թէ ինչպէս իր մայրիկն ու մեծմայրիկը ուտեստներ կը պատրաստեն, աւանդական խմորեղէններ: Այժմ արդէն Նաթանին կը հետեւի ողջ քաղաքը, տեղական հեռուատեսիլով ան յաճախ ուտեստներ պատրաստելու վերաբերեալ խորհուրդներ կու տայ եւ ուղղութիւն ցոյց կու տայ՝ ինչպէ՛ս պատրաստել դդմաճը կամ ինչպէ՛ս պատրաստել խմորեղէն: «Մեր ընտանիքի մէջ սովորոյթ էր երեկոյեան միասին ընթրել եւ համտեսել մեծմայրիկիս ու մայրիկիս պատրաստած ուտեստները: Ընտանիքիս համար բնական էր սնանիլ տունը պատրաստուած ուտեստներով, ինչ որ այդքան ալ տարածուած չէ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այդ է պատճառը, որ կը պատրաստեմ այնպիսի ուտեստներ, որոնք տունը պատրաստուածէն չի տարբերիր», ըսած է Նաթան՝ աւելցնելով, որ նախասիրութեան զուգահեռ նաեւ յաճախած է դասընթացներու եւ այսօր քաղաքի ամենաերիտասարդ շէֆ-խոհարարներէն մէկն է: