Ռումանիոյ Մէջ մատրան օծում
Ռումանիոյ Պոթոշան քաղաքին մէջ Ռումանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեանի ձեռամբ օծուած է քաղաքի հայկական հնամեայ գերեզմանատան Ս. Աւետման մատուռը, որ նորոգուած էր հայ բարերարուհի Էմանուելա Քոքոթա Ֆերհատեան Կոյլաւի օժանդակութեամբ: Ըստ Ռումանիոյ Հայոց Թեմի մամլոյ ծառայութեան, մատրան օծման կարգէն ետք՝ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ մատուցած է նորաօծ սրբավայրին մէջ: Ս. Պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնած է բարերարուհիին, որ աստուածահաճոյ գործ կատարեց՝ վերանորոգելով Աստուծոյ տաճարը: Իբրեւ երախտագիտութեան նշան՝ Տ. Տաթեւ Սրբազան օրհնութեան գիր մը յանձնած է Էմանուէլա Քոքոթային:
Պոթոշան քաղաքին մէջ սրբազան արարողութեան ներկայ եղած են Ռումանիոյ հայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան, Հայաստանի դեսպան Համլէթ Գասպարեան, Ռումանիոյ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարուժան Փամպուքճեան, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր հաւատացեալներ Պուքրէշէն, Փիթեշտէն, Սուչաւայէն եւ Ֆոքշանէն:
Յաւարտ Ս. Պատարագի, ձեռամբ թեմակալ առաջնորդին, եկեղեցւոյ բակին մէջ օրհնուած է մատաղը ու բաժնուած հաւատացեալներուն: