ԹՈՒՐՔԻԱ, ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԵՒ ՔԱԹԱՐ ՀԱՑԱՀԱՏԻԿԻ ՆՈՐ ԳՈՐԾԱՐՔ ՄԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԵՆ

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի պայմաններով արդէն ամբողջ աշխարհի տեսակէտէ լուրջ հարց մը դարձած է հացահատիկի մատակարարումը։ Թուրքիոյ ջանքերով կեանքի կոչուած Սեւ ծովու նախաձեռնութիւնը, որով «հացահատիկի միջանցք մը» բացուած էր, արդէն ամիսէ մը ի վեր դադրած է։ Ռուսաստան մերժած է երկարաձգել այդ գործարքը՝ հաշուի առնելով իր զգայնութիւնները։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ միջազգային բեմահարթակի վրայ զանազան որոնումներ յառաջ կը տարուին հացահատիկի գործարքը փոխարինելու համար։

Գերմանական «Պիլտ» թերթը այս կապակցութեամբ հաղորդեց, որ Ռուսաստան Թուրքիոյ եւ Քաթարի հետ նոր համաձայնագիր մը կը պատրաստէ՝ հացահատիկի գործարքին փոխարէն։ Սա այն գործարքն է, որ ամիսէ մը ի վեր դադրեցուած է եւ որու վերակենդանացման համար Անգարայի կողմէ լուրջ ջանքեր կը գործադրուին։

Ըստ վերջին հրապարակումներուն, այս նոր համաձայնագիրը յուլիս 21-օգոստոս 8-ը ժամանակահատուածին Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն եւ դեսպանութիւններուն միջեւ ծառայողական նամակագրութիւններու պատճառ դարձած է։ Այդ բոլորը յայտնուած են «Պիլտ»ի տրամադրութեան տակ։ Նամակին մէջ կը նշուի, որ Մոսկուա արդէն նախապէս զգուշացուցած էր Անգարան, թէ դուրս կու գայ հացահատիկի գործարքէն։ Այս կապակցութեամբ Ռուսաստան, Թուրքիա եւ Քաթար սկսած են մշակել նոր՝ եռակողմանի համաձայնագիր մը, որ պիտի փոխարինէ այդ հինը։

Հաղորդումներուն մէջ նշուած է, որ նախատեսուած փաստաթուղթը ունի շարք մը մասնայատկութիւններ։ Այսպէս, կը նախատեսուի Ռուսաստանի հացահատիկը տրամադրել աղքատ երկիրներուն՝ մասնաւորապէս Ափրիկէին։ Իր կարգին, Թուրքիա հանդէս պիտի գայ՝ որպէս մատակարարումներու կազմակերպիչ, իսկ Քաթարը՝ որպէս մատակարարումներու հովանաւոր։

Շաբաթ, Օգոստոս 19, 2023