ՄԵԾ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԳԻՒՂԱԳԻՐ ՄԿՐՏԻՉ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆԻ

Յայտնի գիւղագիր Մկրտիչ Մարկոսեան երէկ երեկոյեան յատկանշական ձեռնարկով մը ոգեկոչուեցաւ Մեծ կղզիի մէջ։ Մկրտիչ Մարկոսեանի մահուան առաջին տարելիցին առթիւ կազմակերպուած հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ «Չելիք Կիւլերսոյ» մշակոյթի կեդրոնի համալիրէն ներս։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր հանգուցեալ գրողի այրին՝ Սելմա Մարկոսեան։ Հաւաքոյթը վարեց լրագրող-հրապարակագիր Օրալ Չալըշլար։ Ատենախօսներն էին նոյնպէս լրագրողներ՝ «Ակօս»էն Բագրատ Էսդուգեան եւ «Էվրենսել»էն Ֆաթիհ Փոլատ։ Անոնց միացած էր նաեւ Եուսուֆ Քենան Պէյսիւլէն, որ Մկրտիչ Մարկոսեանի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ փաստավաւերագրական ժապաւէն մը կը պատրաստէ։ Ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան նաեւ այցելելու գծանկարիչ Քեմալ Կէօքհանի ստեղծագործութիւններու շարքը։

Երեկոյթի ընթացքին Սելմա Մարկոսեան նշեց, որ Մկրտիչ Մարկոսեան գրական աշխարհէն ներս մուտք գործած էր՝ մասնաւորապէս խրախուսանքով լուսահոգի տքթ. Վարդան Կոմիկեանի, որ Կեդրոնական վարժարանէն իր ուսուցիչը եղած էր։ Միւս ատենախօսներն ալ արտայայտուեցան Մկրտիչ Մարկոսեանի ստեղծագործութիւններուն, գրական ժառանգութեան մասին եւ վերյիշեցին անոնց հետ իրենց յուշերը։ Փոխանցուած այդ վկայութիւններու ընդմէջէն անգամ մը եւս բիւրեղացան Մկրտիչ Մարկոսեանի կողմէ ծաւալուած գործունէութեան նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը։

Հուսկ, հանդիսատեսները Մկրտիչ Մարկոսեանի մասին պատրաստուած փաստավաւերագրական ժապաւէնէն բաժիններ դիտեցին։

Շաբաթ, Օգոստոս 19, 2023