ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԳԱՀԱԺԱՌԱՆԳԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան, որ կ՚այցելէ Սէուտական Արաբիա, երէկ, Ճիտտէի մէջ ընդունուեցաւ Մուհամմէտ պին Սալման գահաժառանգին կողմէ։ Երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու վերակարգաւորումէն ի վեր սա Իրանի պաշտօնատար անձի մը առաջին հանդիպումն է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին հետ։ Զրոյցի բովանդակութեան մասին մանրամասնութիւններ տակաւին չեն հաղորդուած։

Ամիր Ապտուլլահիան նախընթաց օր Սէուտական Արաբիա պաշտօնական այցելութեան մը ձեռնարկած էր՝ երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնումէն ի վեր առաջին անգամ։ Ան Ռիատի մէջ այցելած էր նաեւ Իրանի դեսպանատունը։

Շաբաթ, Օգոստոս 19, 2023