ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԱՌԱՋԱՐԿԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

Թուրքիոյ նախագահը Արցախի հակամարտութեան օրակարգով նախաձեռնութիւնով հանդէս եկած է: Առաջարկած է քառակողմանի ձեւաչափով՝ Ռուսաստան, Թուրքիա, Հայաստան եւ Ատրպէյճան հանդիպում մը կազմակերպել: Տրուած ըլլալով, որ առաջարկողը Թուրքիոյ նախագահն է, ուրեմն կ՚ենթադրուի, որ եթէ հանդիպումը կայանայ, ապա տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ: Օրակարգը եթէ Արցախի հիմնախնդիրն է, ուրեմն պէտք է փորձել դիտարկել, թէ ի՛նչ կը պատահի այդ դաշտին մէջ:

Պարզ դարձաւ, որ Արցախի իշխանութիւնները համաձայնած են միաժամանակեայ՝ Բերձորով եւ Ակնայով դէպի Ստեփանակերտ մարդասիրական բեռնատարներու մուտքին: Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ իրենք որոշած են Կարմիր խաչի Ստեփանակերտի գրասենեակի եւ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ռուսական զօրախումբի հրամանատարութեան համատեղ առաջարկը՝ Բերձորի միջանցքով եւ Ակնայի ճանապարհով մարդասիրական բեռներու համաժամանակեայ տեղափոխումը իրականացնելու համար:

Այս լրատուութեան կը յաջորդէր երկրորդ մը, ըստ որուն աշխատանքներ կը տարուին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչներու հանդիպումը կազմակերպելու ուղղութեամբ: Աշխատանքները կը տարուին միջնորդներու կողմէ: Այստեղ չէ հասցէագրուած միջնորդը: Բայց, երբ երկու լուրերու յաջորդականութեան տրամաբանութիւնը նկատի ունենանք, ապա պարզ կը դառնայ՝ Կարմիր խաչին հետ ռուս խաղաղապահ առաքելութեան այս անգամ դիւանագիտական բաժինը: Այլ խօսքով՝ բեռնատարներուն Ստեփանակերտ ժամանումը կ՚իրականանայ ռուս խաղաղապահներով, իսկ Արցախ-Ատրպէյճան հանդիպումը կը կազմակերպուի նոյն միջնորդին քաղաքական դէմքերով:

Կը թուի, թէ Ստեփանակերտ-Պաքու հանդիպման համար պիտի աշխուժանան նաեւ այն կողմերը, որոնք միջազգային երաշխաւորման գործիքակազմի ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը կը շեշտէին:

Ռուսական գործօնի ներգրաւումը՝ թէ՛ մարդասիրական օժանդակութիւններու Արցախ հասնելուն եւ թէ՛ Պաքու-Ստեփանակերտ հանդիպումները նախապատրաստելու ուղղութիւններով, նախ անմիջական արձագանգ կը գտնեն Անգարայի մէջ: Այս հանգամանքներով ալ պէտք է բացատրել Թուրքիոյ նախագահին նախաձեռնութիւնը՝ քառակողմանի հանդիպում մը իրականացնելու առումով:

Անգարան՝ Մոսկուան ներառելով, քայլ կ՚առնէ զայն հակակշռելու եւ կը փորձէ նախաձեռնութեամբ հանդէս գալ: Ան դժգոհ էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութենէն եւ մշտապէս կը փորձէր միջնորդի կարգավիճակ ապահովել: Հիմա քառակողմանի ձեւաչափ առաջադրելով Անգարան կը փորձէ ո՛չ միայն համամիջնորդի դեր ստանձնել, այլեւ՝ գլխաւոր միջնորդի: Տարբեր առիթներով միջնորդի դեր ստանձնելու պատրաստակամութիւն յայտնած էր նաեւ Իրանը, որ թէ՛ կը յայտարարէ, որ Հայաստանի հետ իր սահմանային իրավիճակը կարմիր գիծ է եւ թէ՛ կը հաստատէ, որ Ատրպէյճանի հետ իր խնդիրները լուրջ չեն:

Պաքուն յայտնապէս կը խանդավառուի քառակողմանիով: Մոսկուան այս առաջարկին ընդունուիլը իր միջնորդական առանձնաշնորհեալ կարգավիճակէն զիջում կ՚ընկալէ։ Կարեւոր է Երեւանի պատասխանը։ Ան ցարդ խուսանաւումով կու տայ իր առաջին արձագանգը: Քառակողմանիով Անգարան կը փոխաղերսէ Պաքու-Երեւան եւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացները:

Մինչեւ քառակողմանիին համաձայնեցումը կամ հակառակը, ռուսական գործօնի վերահսկողութեամբ մարդասիրական բեռնատարները հասած են Արցախ: Գուցէ նաեւ Մոսկուայի միջնորդութեամբ սկսին Ստեփանակերտ-Պաքու խօսակցութիւնները:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2023