ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԽԻՂՃԸ Կ՚ԱՐԻՒՆԻ

Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմը կը շարունակուի սարսափելի դրուագներով։ Կազզէի սահմռկեցուցիչ իրադարձութիւնները կ՚արիւնեն համայն մարդկութեան խիղճը։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս՝ համաշխարհային մակարդակի վրայ պոռթկումի պատճառ դարձած է Կազզէի հիւանդանոցներէն մէկուն թիրախաւորումը։ Այս ռմբակոծումը շուրջ 500 զոհեր խլած է՝ մինչ Պաղեստինի Առողջապահութեան նախարարութեան իրաւասուները իրենց բողոքը արտայայտելու համար մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին դիակներուն մէջ։

Թուրքիան մօտէն կը հետեւի իրադարձութիւններուն եւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ միջամտութիւններով կը ջանայ իրադրութիւնը կայունացնել։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ յարձակումները Կազզէի բնակիչ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութեան մը աստիճանին կը հասնին։ Իր խօսքով՝ ՄԱԿ-ի բոլորովին անարդիւնաւէտ Անվտանգութեան խորհուրդն ալ անգամ մը եւս չէ կարողացած կատարել իր պարտականութիւնները։ Մինչ նախագահը անիծեց այդ յարձակումները, Թուրքիոյ մէջ հռչակուեցաւ եռօրեայ սուգ։ Իսրայէլի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն առջեւ ալ տեղի կ՚ունենան զանգուածային բողոքի ցոյցեր։ Ատանայի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանը որոշած է անժամանակ ընդհատել իր գործունէութիւնը։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ալ շահագրգիռ երկիրներու մայրաքաղաքները այցելելով կը ջանայ՝ Անգարայի առաջնահերթութիւններուն եւ տեսլականին շուրջ համախմբում մը ապահովել։

Թուրքիոյ հրեայ համայնքն ալ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը՝ պախարակելով Կազզէի մէջ հիւանդանոցի ռմբակոծման դէպքը։

Երէկ, Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներն ալ քննարկեցին ստեղծուած իրավիճակը։ Յարաբերութիւնները տակաւին վերջերս բարելաւած այս երկու երկիրները Կազզէի պարագային կը բաժնեն նոյն զգայնութիւնները եւ իրենց առաջնահերթութիւններուն մէջ կան զգալի նմանութիւններ։

ՊԱՅՏԸՆԻ ԱՅՑԸ

Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն զօրակցութեան այցելութիւն մը տուաւ Իսրայէլ, ուր ընդունուեցաւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի կողմէ։ Թել Աւիւ վայրէջք կատարելէ վերջ Պայտըն ողջագուրուեցաւ Նեթանիյահուի հետ եւ հիւանդանոցի թիրախաւորման դէպքին շուրջ խոր ցաւ ու ցասում արտայայտեց։ Ան պնդեց, որ այդ պայթումը կը թուի ըլլալ «Համաս»ի գործը։ «ԱՄՆ այսօր, վաղը եւ միշտ կանգնած է Իսրայէլի կողքին», ըսաւ Պայտըն եւ աւելցուց, որ իր երկիրը Կազզէի եւ Յորդանան գետի արեւմտեան ափին համար 100 միլիոն տոլար արժողութեամբ մարդասիրական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ։

Ուաշինկթընի մէջ ալ ստեղծուած է լարուած մթնոլորտ։ Այսպէս, ցուցարարներ ներխուժած են Քափիթոլիումի շէնքը՝ պահանջելով անյապաղ հրադադար հաստատել Կազզէի հատուածէն ներս։ 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2023