ՆՈՅՆ ԿԱՂԱՊԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին ունեցած ելոյթին արձագանգները կը շարունակուին։ Պաքու արդէն հակազդած է Փաշինեանի կողմէ Սթրազպուրկի մէջ կատարուած յայտարարութիւններուն դէմ։ Լիագումար նիստի ելոյթին առընթեր, Եւրոխորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլայի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Փաշինեան շեշտած էր, որ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ աւելցած է նաեւ անվտանգային բաղադրիչը ի դէմս ԵՄ-ի քաղաքացիական առաքելութեան, որ դիտարկումներ կ՚իրականացնէ Ատրպէյճանի հետ պետական սահմանի երկայնքին։ Վարչապետը Սթրազպուրկի մէջ շեշտեց, որ ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւններու թափը Հայաստանի տեսակէտէ ռազմավարական ընտրութիւն մըն է ու ոչ թէ հանգամանքներով թելադրուած պատեհութիւն։ «Մենք կը փափաքինք խորացնել ԵՄ-ի հետ մեր յարաբերութիւնները ու չենք ուզեր սա որեւէ ձեւով հակադրել մեր տարածաշրջանային յարաբերութիւններու խորացման, զարգացման տեսլականին հետ», նշեց ան։
Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Պարոյր Յովհաննիսեանն ալ երէկ յայտնեց, որ Երեւան որդեգրած է Պրիւքսելի հետ յարաբերութիւնները հնարաւորինս ընդլայնելու քաղաքականութիւնը։
Նիկոլ Փաշինեանի Սթրազպուրկ այցելութենէն վերջ, երէկ, Եւրոխորհուրդի նախարարներու կոմիտէն անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակին եւ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ։ Եւրոպական կողմը այս առթիւ մտահոգութիւն յայտնեց Ղարաբաղի հայոց զանգուածային գաղթէն յետոյ ստեղծուած ծայրայեղ ծանր իրավիճակին բերումով։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Ատրպէյճան պէտք է ապահովէ Ղարաբաղի հայերու արժանապատիւ ձեւով իրենց տուներէն ներս ապրելու իրաւունքը՝ առանց ահաբեկման կամ խտրականութեան, ինչպէս նաեւ պայմաններ պէտք է ստեղծուին փախստականներու եւ տեղահանեալներու կամաւոր, անվտանգ, արժանապատիւ ու կայուն վերադարձին համար՝ յարգելով անոնց պատմութիւնը, մշակոյթն ու մարդու իրաւունքները։
Եւրոխորհուրդի նախարարներու կոմիտէի այս անդրադարձին զուգահեռ՝ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդն ալ կը պատրաստուի յառաջիկայ շաբթուան սկիզբի՝ 23 հոկտեմբերի նիստին քննարկել Հայաստան-Ատրպէյճան իրադարձութիւնները։ Ժողովը պիտի գլխաւորէ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել։
Այս բոլորէն վերջ՝ մանաւանդ Փաշինեանի Սթրազպուրկ այցելութեան ժամանակ հնչած տեսակէտներու լոյսին տակ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ վարչապետին հռետորաբանութիւնը կը խաթարէ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հեռանկարները։ Ըստ Պաքուին՝ վարչապետին յայտարարութիւնները ցոյց կու տան Երեւանի ակրեսիւ դիրքորոշումը եւ Ատրպէյճանը մեղադրելու ցանկութիւնը։ «Ցաւալի է նման յայտարարութիւններ լսել Հայաստանէն, որ ինքզինք կը ներկայացնէ՝ որպէս ժողովրդավարական ու խաղաղասէր երկիր», նշուած է յայտարարութեան մէջ եւ Ատրպէյճանին հասցէագրուած մեղադրանքները որակուած են անհիմն, նաեւ ՄԱԿ-ի զեկոյցներուն հակասութեան մէջ։ Յիշեցուած է նաեւ, որ Փաշինեան նախապէս խոստովանած էր, թէ Ղարաբաղի մէջ հայերուն դէմ սպառնալիքներ չկան, իսկ ներկայ յայտարարութիւնները այդ առումով հակասական են։ Անդրադառնալով Լաչինի միջանցքին՝ Ատրպէյճան յայտարարած է, որ ինքնիշխանութիւն ունի իր տարածքի բոլոր ճանապարհներու պարագային, իսկ այդ ճանապարհի չարաշահման վերաբերեալ Հայաստանի պնդումները կը հակասեն վարչապետին կողմէ ստորագրուած եռակողմանի համաձայնագրին։ Պաքուի յայտարարութեան մէջ ընդգծուած են նաեւ Ատրպէյճան-Նախիջեւան կապի ապահովման վերաբերեալ տեսակէտները։ Հուսկ, ընդգծուած է, որ Ղարաբաղի շրջանէն ներս առկայ սպառնալիքի վերացումէն յետոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման պատմական հնարաւորութիւն մը ստեղծուած է, սակայն, Հայաստանի վարչապետի շարունակական ակրեսիւ հռետորաբանութիւնը կը խաթարէ խաղաղութեան պայմանագրի հեռանկարները։
Այս փոխադարձ յայտարարութիւններու մթնոլորտին մէջ Հարաւային Կովկասի դերակատարներուն միջեւ շփումներն ալ կը շարունակուին։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Հանդիպումները տեղի ունեցան Ճիտտէի մէջ, ուր անոնք կը մասնակցէին Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու նախարարաց հրատապ ժողովին։ Ճիտտէի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Ապտուլլահիան-Պայրամով հանդիպում։ Նախօրէին Ապտուլլահիան հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Անոնք կարծիքներ փոխանակած էին Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրավիճակին մասին։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԶԱԽԱՐՈՎԱ
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Երեւան-Պաքու կարգաւորման հիմնական տարրն է՝ Կովկասէ ներս փոխադրական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը։