ՔԱՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Երէկ, Պերլինի մէջ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի հանդիպումը։ Այս չորս ղեկավարները առաջնահերթօրէն քննարկեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի ընթացքն ու Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները։

Կը հաղորդուի, որ Ուքրայնայի պատերազմին վերջ տալու առաջադրութեամբ միջոցէ մը ի վեր Արեւմուտքի ղեկավարները կը ջանան շփման խմբակ մը ստեղծել։

Ճօ Պայտըն Պերլինի մէջ յայտնեց, որ ՆԱԹՕ կը շարունակէ ուժեղ եւ առաւել քան երբեւէ համախմբուած մնալ։ «Մենք ջանք չեն խնայեր՝ ապահովելու համար Ուքրայնայի գերակայութիւնը։ Յառաջիկային դժուար ձմեռ է, չենք կրնար ետքայլ ընել, պէտք է շարունակենք մեր աջակցութիւնը Ուքրայնային՝ մինչեւ որ ան յաղթէ, հաստատուի արդար եւ կայուն խաղաղութիւն», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Օլաֆ Շոլցն ալ ընդգծեց, որ ՆԱԹՕ պէտք չէ միջամտէ Ռուսաստան-Ուքրայնայ պատերազմին։ «Մեր դիրքորոշումը պարզ է. մենք առաւելագոյնս կ՚աջակցինք Ուքրայնային։ Միեւնոյն ժամանակ, մենք կ՚ապահովենք, որ ՆԱԹՕ չդառնայ հակամարտութեան կողմ, որպէսզի այս պատերազմը աւելի մեծ աղէտի մը պատճառ չդառնայ։ Մենք քաջ կը գիտակցինք այս պատասխանատուութեան եւ ոչ ոք կրնայ մեզ ձերբազատել այդ մէկէն», աւելցուց Շոլց։

Միւս կողմէ, Պերլինի մէջ, Գերմանիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր Ճօ Պայտընը պարգեւատրեց «Մեծ խաչ»ով, որ իր երկրի բարձրագոյն պարգեւն է։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2024