ՃՇԴՈՒՄ

Թերթիս երէկուան թիւին մէջ հրատարակուած՝ «Արաս» հրատարակչութեան երդիքին տակ կազմակերպուած գիրքի շնորհանդէսին վերաբերեալ նկարագրութեան մէջ պատահած էր ցաւալի վրիպում մը։ Այսպէս, որպէս ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան ատենապետուհիի անունը սպրդած էր անկապ անուն մը՝ թեքնիք մանրամասնութեան մը հետեւանքով։ Ճիշդ անունը պէտք է ըլլայ Կիւլիւզար Արթուչ, որ արդէն մեր համայնքային շրջանակներուն այնքան ծանօթ ու համակրելի դէմք մըն է։

Կը ճշդենք՝ ապաւինելով թէ՛ Կիւլիւզար Արթուչի եւ թէ՛ մեր ընթերցողներու ներողամտութեան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2022