Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ԹՈՒՐՔԻԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Պուտափեշտ այցելեց՝ Թուրքիա-Հունգարիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 100-ամեակին առթիւ։ Ան հիւրընկալուեցաւ Հունգարիոյ նախագահ Քաթալին Նովաքի եւ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի կողմէ։ Յոբելեանին առթիւ Էրտողան Օրպանին նուիրեց TOGG մը։ Վիքթոր Օրպան յայտարարեց, որ Հունգարիա Թուրքիոյ հետ կապերը պիտի ամրապնդէ՝ պաշտպանութեան եւ ուժանիւթի բնագաւառէն ներս։ Ան յայտնեց, որ իր երկիրը վիզաներու ազատականացման հարցին շուրջ կը պաշտպանէ Թուրքիան։
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2023