ԹՇՆԱՄԻՆԵՐ ԵՒ ԴԱՇՆԱԿԻՑ-ՄՐՑԱԿԻՑՆԵՐ

Հարաւային Կովկասի բարդ յարաբերութիւնները կը շարունակեն միջազգային բեմահարթակի վրայ ուշադրութեան կիզակէտին մնալ։ Այս ամբողջին մէջ վերլուծաբանները մասնաւորապէս խոշորացոյցի տակ կը պահեն Հայաստանը։ «The New York Times» վերջին օրերուն շեշտեց, որ Հայաստան կը գտնուի թշնամիներու եւ դաշնակից-մրցակիցներու միջեւ։ Ամերիկեան հեղինակաւոր լրատուամիջոցի Մոսկուայի գրասենեակի ղեկավար Անթոն Թրայանովսքի մատնանշած է, որ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը պայթիւնավտանգ է։ Ռուսաստանն ու Իրանը, որոնց նպատակները յաճախ նոյնական կը համարուին, կը պայքարին առեւտրային ուղիներու եւ ազդեցութեան համար։ Այս երեւոյթը արտասովոր երկընտրանքներու դէմ յանդիման կը թողու արեւմտեան երկիրները։

Վերլուծութեան մէջ շեշտուած է, որ Կովկասի լեռնային շրջանէն ներս Եւրոպան կը հանդիպի Ասիային։ Տարածաշրջանը գլխապտոյտի պատճառ աշխարհաքաղաքական տեղաշարժի մը առանցքն է։ Ռուսաստանն ու Իրանը հետզհետէ աւելի յաճախ մրցակիցներ կը դառնան, իսկ Արեւմուտքի երկիրները ընդհանուր շահեր կը գտնեն Իրանի հետ, ինչ որ իրենց եւս զարմանք կը պատճառէ։ «Շահերու եւ ազդեցութիւններու այս բարդ, բազմազգ թնճուկը մարտահրաւէր է դաշինքներու վերաբերեալ արեւմտեան աւանդական պատկերացման եւ կրնայ դարձեալ գլխիվայր շրջուիլ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Տանըլտ Թրամփի վերընտրութեամբ», նշուած է վերլուծութեան մէջ։

Հեղինակը մասնաւորապէս մէջբերած է Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանիի վերջին ծանօթ յայտարարութիւններէն մին, ըստ որու՝ Մոսկուան ու Թեհրանը տարածաշրջանէն ներս տարբեր շահեր կը հետապնդեն ու դաշնակիցներ չեն։

Ապա, «The New York Times» հայեացքը կ՚ուղղէ Հայաստանի վրայ՝ շեշտելով, որ ան բնակչութեան քրիստոնեայ մեծամասնութեամբ ժողովրդավարական երկիր մըն է եւ Ռուսաստան-Իրան մրցակցութեան կեդրոնին յայտնուած է։ Հայաստան կ՚անհանգստանայ պատերազմի վերսկսման հեռանկարէն իր ոխերիմ թշնամիին՝ Ատրպէյճանի հետ։

«Նախորդ տարի Հայաստան Իրանը կը դիտարկէր՝ որպէս իր ինքնիշխանութեան հիմնական երաշխաւորը։ Մինչդեռ Ատրպէյճան, որ մեծամասնութեամբ մահմետական, աշխարհիկ անձնիշխանութիւն մըն է, ռազմավարական կապերը կը խորացնէ Իրանի թշնամի Իսրայէլի հետ։ Ռուսաստան կը ձգտի զսպել Իրանի ընդլայնուող ազդեցութիւնը՝ նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ երկիրներէն Հայաստանի մէջ, որ կը գտնուի առեւտրային ճանապարհներու խաչմերուկին։ Ան Մոսկուային անհրաժեշտ է արեւմտեան նկրտումները փոխարինելու համար։ Իրավիճակը կը բարդանայ, որովհետեւ քանի մը արեւմտեան երկիրներ, որոնք ներկայիս կը հակամարտին Իրանի հետ, կը հասկնան, թէ Կովկասէ ներս իրենց շահերը (Կանխել պատերազմը եւ նուազեցնել ռուսական ազդեցութիւնը) համահունչ են Իրանի հետ», նշուած է նիւթին մէջ։

Հայաստանէ ներս հաստատուած Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը՝ Մարքուս Ռիթէրի վկայութեամբ՝ Իրան տարածաշրջանէն ներս հայերու լաւագոյն բարեկամն է։ «Մինչ Ռուսաստանն ու Ատրպէյճանը կը տրտնջան եւրոպական ներկայութենէն, Իրան կարծես կ՚ընդլայնէ զայն։ Այստեղ շատ բարդ է», նշած է Մարքուս Ռիթէր։

Վերլուծութեան մէջ շեշտուած է, որ հայերը կը մտահոգուին Տանըլտ Թրամփի նոր նախագահութեան ժամկէտէն։ Արդարեւ, եթէ Իրանի դէմ ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնը աւելի խստանայ, ապա սա Ատրպէյճանը պիտի քաջալերէ Հայաստանի դէմ։ Բաց աստի, հայկական կողմը մտահոգ է նաեւ այլ հաւանականութենէ մը։ Այսպէս, եթէ Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ լայնածաւալ պատերազմ մը ծագի, ապա Իրան նուազ ընդունակ կ՚ըլլայ Հայաստանը պաշտպանելու։

Տարածաշրջանի ապագային շուրջ լարուածութիւնը հայկական բարակ հողաշերտերու մասին է՝ Սիւնիքի մարզի, որ կ՚իջնէ դէպի հարաւ՝ մինչեւ Իրանի հետ սահմանը։ Մայրաքաղաք Երեւանէն երկարող ճանապարհը կ՚անցնի հողաթումբերու, գնդաձիրներու բոյներու եւ հայկական դրօշակներու գոյնով։ Երկու կողմէ Ատրպէյճանի տարածքն է։ Ոլորապտոյտ ճանապարհը կը խցանէ Իրանի բեռնատարներու հոսքը։

Վերլուծութեան մէջ կը շեշտուի, որ ներկայիս այս ճանապարհը՝ Պարսից ծոցէն դէպի հիւսիս, առանցքային ուղի է ու կարեւոր է Իրանի ապրանքները դէպի Ռուսաստան եւ Եւրոպա հասցնելու համար։ «Բայց այստեղ իսկ Ռուսաստանն ու Ատրպէյճանը կը փափաքին ստեղծել դէպի Թուրքիա արեւելք-արեւմուտք երթուղին, որ կ՚ըլլայ Հայաստանի վերահսկողութենէն դուրս։ Հայերը կը վախնան, որ Ատրպէյճան բռնի ուժով կրնայ վերցնել այս ճանապարհը», նշուած է նիւթին մէջ։

Վերլուծութեան կցուած են թէ՛ մասնագէտներու եւ թէ շարքային քաղաքացիներու կարծիքներ։ «Ես հիմա ոեւէ մէկու չեմ վստահիր», նշած է այս ամբողջին մէջ 79-ամեայ Ռիմա Գալստեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2024