«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԿԱՄՔԸ»
-Հասցնենք նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւներու հաւանական կարգաւորման անդրադառնալ ձեզի հետ՝ որպէս Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ։ Արդէն կը գործե՞ն ուղիղ բեռնափոխադրումները Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ։
-Հնարաւորութիւնը բաց է եւ եթէ համապատասխան տնտեսվարողները ուզեն օգտուիլ այդ հնարաւորութենէն, կրնան։ Նաեւ հիմա ըսեմ, թէ վերջին հանդիպումը, որ տեղի ունեցած է ո՛չ թէ յատուկ ներկայացուցիչներուն միջեւ, այլ թեքնիք հանդիպում եղած է սահմանին՝ Մարգարայի մէջ եւ ուսումնասիրուած է Մարգարայի կամուրջի վիճակը, պիտանելիութիւնը, նմուշառում վերցուած է երկկողմանի եւ հիմա այդ հետազօտութեան փուլին մէջ ենք։ Ասկէ վերջ պարզ կը դառնայ, թէ ինչպէս կ՚ընթանանք յառաջ։ Նաեւ սեղանի վրայ մնալ կը շարունակէ մեր առաջարկը՝ ցամաքային սահմանը դիւանագիտական անցագիր կրող անձերու համար բանալու եւ կը սպասենք թրքական կողմի արձագանգին։
-Սահմանային դիտարկումները անոր հետ կապուած չէի՞ն, երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար սահմանը բանալ, անոնց հետ կապուած չէի՞ն հանդիպումները։
-Այո՛։
-Կրնա՞ք որեւէ ժամկէտ նշել, նախապէս կը նշէիք ամրան, եթէ կը յիշէք։
-Ես կը կարծեմ՝ երբ որ կամուրջի վերաբերեալ արդէն պաշտօնական եզրակացութիւն մը ըլլայ, ըստ այդմ, կարելի կ՚ըլլայ նշել ժամկէտները, բայց, բնականաբար, եթէ յստականայ, որ կամուրջը պիտանի է անյապաղ օգտագործման համար, այդ պարագային ոչ մէկ թեքնիք պատճառ կը մնայ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար սահմանը անյապաղ բանալու համար եւ եթէ սա տեղի չունենայ, կը նշանակէ, որ քաղաքական պատճառ կ՚ըլլայ, իսկ քաղաքական պատճառ առնուազն Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ չի կրնար ըլլալ։
-Ի դէպ, տրամաբանութիւնը ո՞րն է երրորդ երկիրներու համար սահմանը բանալու։
-Սա եղած է հայկական կողմի առաջարկը։ Տրամաբանութիւնը եղած է հետեւեալը, որ նախ գիտէք, թէ բնականաբար, Հայաստան միշտ պատրաստ եղած է մէկ վայրկեանին ունենալ բաց սահման եւ հաստատուած դիւանագիտական յարաբերութիւններ, ընդ որում, միշտ ըսելով՝ նկատի ունիմ 1991 թուականէն սկսեալ, բայց քանի որ թրքական կողմը, առնուազն մինչ այս պահը չէ գացած այդ քայլին, քննարկուած են ինչ-որ քայլեր, որոնք կրնան որոշակի վստահութեան ամրապնդման միջոց ըլլալ եւ այդ համատեսքին մէջ եղած է առաջարկ մեր կողմէ եւ այդ առաջարկը ընդունուած է։ Ի դէպ, ուղիղ օդային բեռնափոխադրումներու առաջարկն ալ եղած է թրքական կողմէն եւ մեր կողմէ ընդունուած է։ Իմաստը այն է, որ հնարաւորութիւն տրուի ամէն պարագայի սահմանը բանալ թէկուզ մասնակի, ինչ որ կրնայ զբօսաշրջական շարժը աշխուժացնել եւ այլն։
-Նախատեսուա՞ծ է յառաջիկային Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Քըլըչի հետ հանդիպում։
-Այս պահուն՝ ոչ։
-Ի՞նչն է գլխաւոր խոչընդոտը, որ կը ձգձգուի կարգաւորումը, անոնք կ՚ըսեն՝ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրեցէք, յետո՞յ։
-Գլխաւոր խոչընդոտը այն է, որ Թուրքիան մինչեւ այս պահը չ՚երթար այդ քայլին, Հայաստան պատրաստ է՝ վաղը ունենալ ամբողջապէս բաց սահման եւ ունենալ դիւանագիտական յարաբերութիւններ Թուրքիոյ հետ։
-Ես նկատի ունէի պայմանը, որ նոյնիսկ Էրտողանի շուրթերէն կը հնչէ, երբեմն-երբեմն։
-Թուրքիայէն յաճախ տարատեսակ եւ հակասական յայտարարութիւններ կը հնչեն. օրինակ՝ կ՚ըսեն նաեւ, որ Թուրքիան առանց նախապայմաններու կ՚երթայ այս գործընթացին, բայց միւս կողմէ կը հնչեն յայտարարութիւններ, որոնք առերեւոյթ կը հակասեն այս յայտարարութիւններուն, բայց ամէն պարագայի Հայաստան կառուցողական է եւ Հայաստան պատրաստ է անյապաղ ունենալ բաց սահմաններ Թուրքիոյ հետ եւ հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ։ Մնացածը արդէն կախուած է քաղաքական կամքէն, իսկ Հայաստանը ունի այդ կամքը։