ԴԷՊԻ ԱՊՐԻԼ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԻԾ
Ֆրանսայի մէջ հայկական հարցի վերաբերեալ օրէնսդրական նոր նախաձեռնութիւն մը յառաջ կը տարուի ներկայիս։ Կը հաղորդուի, որ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտներու ժխտումը քրէականացնելու ուղղեալ օրէնքի նոր նախագիծ մը պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ Ապրիլ։
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեան «Արմէնփրէս» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ մատնանշեց, թէ նոր օրինագիծը պէտք է իրաւական ամուր հիմքերու վրայ ըլլայ։
Հարկ է նշել, որ ներկայ տարեմուտին, CCAF-ի տարեկան ընթրիքին մասնակցելով Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ եւս անդրադարձած է այս հարցին։ Ան հաստատած է, թէ Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմնին մօտ պիտի ներկայացուի նոր նախագիծ մը։ Օլանտ տեղեկացուցած էր, թէ նախապատրաստական գործընթացը վստահուած է Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանի նախկին նախագահ Ժան Փոլ Քոսթային, որ իրաւաբանական բնագաւառի հեղինակութիւն մը կը համարուի Ֆրանսայի մէջ։