ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Իսթանպուլի նահանգապետարանէն ներս մասնակցեցաւ կուսակալ Վասիփ Շահինի տանտիրութեամբ կազմակերպուած պաշտօնական ճաշկերոյթին։ Այս հաւաքոյթը արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մօտ։
«Տէրսաատէթեան հանդիպումներ»ու շրջագծով Իսթանպուլի նահանգապետարանի դահլիճին մէջ հիւրընկալուեցան ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց հոգեւոր առաջնորդները, որոնք առիթն ունեցան անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցելու կուսակալին հետ։ Բացի Տ. Արամ Արք. Աթէշեանէն, այս հաւաքոյթին հրաւիրուած էին Յունաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը, Իսթանպուլի միւֆթի Փրոֆ. Ռահմի Եարան, Հրէից Րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւա, Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական Փոխանորդ Մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին, Ասորի Կաթոլիկներու Պատրիարքական Փոխանորդ Քորեպիսկոպոս Եուսուֆ Սաղ եւ Քաղդէացի համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Ֆրանսուա Եաքան։
Հաւաքոյթի ընթացքին Վասիփ Շահին գոհունակութիւն յայտնեց նման հանդիպման մը իրականացման կապակցութեամբ։ Ան ընդգծեց, որ Իսթանպուլ աշխարհի այն հնագոյն քաղաքներէն մին է, ուր վաղուց տարբեր կրօններ կը գտնուին կողք կողքի։ Հանդուրժողութիւնն ու եղբայրութիւնը կը գերիշխեն քաղաքէն ներս, ուր խաղաղ համակեցութեան մը մէջ են բոլոր կրօնական համայնքները։ Զրոյցի տեւողութեան կուսակալ Շահին տեղեկութիւններ քաղեց Իսթանպուլի հոգեւոր առաջնորդներու գործունէութիւններուն շուրջ եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։
Ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն մասնակցութեամբ նահանգապետարանէն ներս առաջին անգամ սարքուեցաւ նման ձեւաչափով ընդունելութիւն մը։ Հանդիպման ընթացքին, քաղաքական նիւթերէ կամ համայնքային խնդիրներէ դուրս առաջնահերթութիւն ընծայուեցաւ կրօնական նիւթերու վերաբերեալ կարծիքի փոխանակումներու։ Անմիջական զրոյցի մը մթնոլորտին մէջ սեղանակիցները միաստուածեան երեք կրօններու հասարակաց յայտարարներուն վրայ կեդրոնացան։
Կուսակալ Վասիփ Շահին արձակման հանգրուանին, բոլոր հրաւիրեալներու շարքին, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը եւս ողջունեց՝ բարեմաղթանքներ փոխանցելով մեր համայնքին համար։
Հարկ է նշել, որ «Տէրսաատէթեան հանդիպումներ»ու ծիրէն ներս Վասիփ Շահին նախապէս ալ մէկտեղուած էր Իսթանպուլի թանգարաններու տնօրէններու, աճուրդի կազմակերպիչներու, «Դասավվուֆ»ի մասնագէտներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։