ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ԿԱՊԵՐ
Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար, Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի դէպի Երեւան պաշտօնական այցելութեան շրջագծով երէկ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ ընդունուելու առընթեր, ան բանակցութիւններ վարեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Օրուան տեւողութեան եւրոպացի յանձնակատարը տեսակցեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս ներկայացուած խորհրդարանական խմբակցութիւններու, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներու հետ։
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ֆետերիքա Մոկերինի համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Երեւանի մէջ։ Նախագահական ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ասուլիսը, որու ընթացքին շեշտուեցաւ, թէ Եւրոմիութեան եւ Հայաստանի միջեւ ամուր գործընկերութեան մը հաստատումը շահեկան է ամբողջ տարածքաշրջանին համար։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան բազմաբնոյթ խնդիրներ, որոնք կը զբաղեցնեն Երեւանի եւ Պրիւքսէլի համատեղ օրակարգը։ Մոկերինի Երեւանի մէջ ընդգծեց, որ Եւրոմիութիւնը կը սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի գործունէութեան եւ առաջնահերթ կը համարէ Լեռնային Ղարաբարի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը։ Իր կարգին, Նալպանտեանն ալ շեշտեց, որ այլընտրանք չի տեսներ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար։
Երեւանի մէջ Ֆետերիքա Մոկերինի յայտնեց, որ Հայաստան եւ Եւրոմիութիւնը կրնան ըլլալ լաւ գործընկերներ։ Այս ամբողջին մէջ ան մասնաւոր անդրադարձ կատարեց նաեւ ընտրախախտումներու թափանցիկ հետաքննութեան կապակցութեամբ։
Ամփոփելով հայկական կողմին մօտեցումները՝ Եդուարդ Նալպանտեան ընդգծեց, որ Հայաստան պատրաստակամ է ընդլայնել եւ ամրապնդել ԵՄ-ի հետ համապարփակ համագործակցութիւնը։ Ան համոզուած է, թէ կողմերու յարաբերութիւնները կը համարուին հեռանկարային։ Ըստ Նալպանտեանի, հասունցած է նաեւ Եւրոմիութեան հետ մուտքի արտօնութիւններու դրութեան ազատականացման շուրջ երկխօսութեան սկսելու պահը։
Մոկերինիի շփումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Սուրիոյ ճգնաժամը, որու հետեւանքով շուրջ 20 հազար գաղթական ապաստան գտած է Հայաստանի մէջ։ Ֆետերիքա Մոկերինի այս առթիւ շեշտեց, թէ Եւրոմիութիւնը կը դիտարկէ Սուրիայէն գաղթելով Հայաստան հաստատուած ապաստանեալներուն համար օգնութիւն տրամադրելու հնարաւորութիւնը։