ՍԱՍՈՒՆԵԱՆԻՆ ՈՍԿԷ ԳՐԻՉ
Երեւանի մէջ, Հայաստանի Լրագրողներու տան երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը՝ ի պատիւ «Գալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ ու խմբագիր Յարութ Սասունեանի։ Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան այս առթիւ Յարութ Սասունեանին հանդիսաւորապէս յանձնեց իր ղեկավարած կառոյցի բարձրագոյն պարգեւը՝ «Ոսկէ գրիչ»ը։ Պարգեւատրման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։ Հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էին «Ազգ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան, Սփիւռքի նախարարութեան պաշտօնատարներէն Սէյրանուհի Գեղամեան, «Արմէնփրէս» գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան, Երեւանի Պետական համալսարանի Լրագրութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Նաղաշ Մարտիրոսեան, Հայաստանի Լրագրողներու միութեան փոխ-նախագահ Գրիգոր Շահինեան եւ այլ հիւրեր։ Այս առթիւ Աստղիկ Գէորգեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։
ՔԸՐՔ ԳՐԳՈՐԵԱՆԻ ԿՏԱԿԸ
Մինչ այդ, Յարութ Սասունեան Երեւանի մէջ յայտարարութիւններ ըրաւ անցեալ տարի մահացած Քըրք Գրգորեանի կտակին կապակցութեամբ։ Ծանօթ է, որ Յարութ Սասունեան եղած էր կառավարիչը Քըրք Գրգորեանի միջոցներով հաստատուած «Լինսի» հիմնադրամի, որու միջոցներով հսկայական նախագծեր իրականացուած էին Հայաստանի մէջ։ 98 տարեկանին մահացած Քըրք Գրգորեան, Հայաստանի ազգային հերոս էր, պարգեւատրուած՝ «Հայրենիք» շքանշանով։
Յարութ Սասունեանի կողմէ երէկ տրուած բացատրութիւններով, Քըրք Գրգորեանի թողած հարստութեան մէկ մասը պիտի ուղղուի հայկական բարեգործական ծրագրերու։ Իր կտակին մէջ ընդամէնը եղած է մէկ նախադասութիւն, թէ իր ամբողջ հարստութիւնը կ՚ուղղէ բարեսիրութեան։ Յարութ Սասունեան ըսաւ.
«Պարոն Գրգորեան երբեք իր կեանքին մէջ չէ զբաղած մանրամասնութիւններով։ Ան տուած է ընդհանուր ուղղութիւն, իր օգնականները գործը կատարած են ու պիտի կատարեն՝ ըստ իր փափաքին։ Իր կտակին մէջ գրած է, որ ամբողջ հարստութիւնը կու տայ բարեսիրութեան՝ առանց մանրամասնելու, թէ ո՛ւր, հայ թէ օտար կազմակերպութեան։ Կտակը ունի պատասխանատու մը՝ կտակարար մը. մարդ մը, որ յիսուն տարի աշխատած է իր հետ, շատ լաւ գիտէ Գրգորեանի նախասիրութիւնները, մօտեցումները, մտայնութիւնը։ Պարոն Գրգորեան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին նուիրաբերած է գումարներ թէ՛ հայկական եւ թէ օտար ծրագրերու համար։ Ես կասկած չունիմ, որ յետմահու եւս իր փափաքը նոյնն է՝ իր հարստութիւնը երթայ հայկական ու ոչ-հայկական բարեսիրական ծրագրերու։ Անշուշտ հայկականին մէջ կը մտնէ նաեւ Հայաստանը»։