FORBES-Ի ՑԱՆԿԻՆ ՎՐԱՅ ՉՈՐՍ ՀԱՅ ՄԻԼԻԱՌԱՏԷՐ
Ամերիկեան Forbes հանդէսը այս տարի եւս հրապարակեց աշխարհի միլիառատէրներու ցուցակը։ Արդէն 30-րդ անգամ կը հրապարակուի այս ցանկը, իբր այդ կը համարուի յոբելենական։ Ներկայիս աշխարհի վրայ 1810 միլիառատէր գոյութիւն ունի եւ նախորդ ցուցակին բաղդատմամբ միլիառատէրներու թիւը պակսած է 16-ով։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, միլիառատէրներու ցուցակին վրայ այս տարի տեղ գտած է չորս հայ։ Ամենաբարձր վարկանիշը ունի Ռուսաստանի «Քրասնոտար» ֆութպոլային ակումբի սեփականատէր Սէրկէյ Գալիցկի (Յարութիւնեան), որ 5.7 միլիառ տոլարի հարստութիւնով կը զբաղեցնէ 219-րդ հորիզոնականը։ 3.1 միլիառ տոլարի կարողութեամբ «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեան աղիւսակի 549-րդ հորիզոնականը կը զբաղեցնէ։ Արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էօրնէքեան 810-րդ կարգի վրայ է՝ 2.2 միլիառ ամերիկեան տոլարի կարողութիւնով։ Դարձեալ Ռուսաստանէն «Ռոսկոսսթրախ» ապահովագրական ընկերութեան ղեկավար Տանիլ Խաչատուրով 1.4 միլիառ ամերիկեան տոլար հարստութիւնով ցուցակի 1275-րդ կարգին վրայ է։