ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՃԱԲՈՆԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Իսթանպուլի մօտ Ճաբոնի աւագ հիւպատոսութեան կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Աւագ հիւպատոս Քասահարա Քենիշիի տանտիրութեամբ այս հաւաքոյթը կազմակերպուած էր՝ Թուրքիոյ եւ Ճաբոնի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 100-ամեայ յոբելեանին, ինչպէս նաեւ Ճաբոնի կայսեր ծննդեան տարեդարձին առթիւ։

Պէշիկթաշի «Քոնրատ» պանդոկին մէջ սարքուած ընդունելութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը աւագ հիւպատոսին հետ ունեցաւ ջերմ զրոյց մը, որու ընթացքին մեր համայնքին անունով յղեց շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ։

Շաբաթ, Մարտ 2, 2024